ՏՈՀԱՅԻ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Տո­հա­յի մէջ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Քա­թա­րի է­միր Շէյխ Թա­միմ Պին Հա­մատ Էլ Սա­նիի կող­մէ։ Եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ կազ­մա­կեր­պուած ռազ­մա­վա­րա­կան բարձր կո­մի­տէի ժո­ղո­վը գլխա­ւո­րե­ցին եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը, ո­րոնց ներ­կա­յու­թեամբ Թուր­քիոյ եւ Քա­թա­րի մի­ջեւ ստո­րագ­րուե­ցան 16 նոր հա­մա­ձայ­նագ­րեր։ Սոյն փաս­տա­թուղ­թե­րը կը նա­խա­տե­սեն բազ­մա­թիւ ուղ­ղու­թիւն­նե­րով զար­գաց­նել երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Այս փաս­տա­թուղ­թե­րու շար­քին ա­ռանձ­նա­պէս կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ ՊՕ­ԹԱՇ-ի եւ Քա­թա­րի քա­րիւ­ղի ազ­գա­յին ըն­կե­րու­թեան մի­ջեւ ստո­րագ­րուած բնա­կան կա­զի մա­սին հա­մա­ձայ­նա­գի­րը։ Այս­պէ­սով Թուր­քիա բնա­կան կազ ա­պա­հո­վե­լու տե­սա­կէ­տէ կ՚ու­նե­նայ լուրջ այ­լընտ­րանք մը։

Մինչ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ ջնջուե­ցաւ մուտ­քի ար­տօ­նու­թիւն­նե­րու դրու­թիւ­նը, Տո­հա­յի մէջ Քա­թա­րի հա­մալ­սա­րա­նին կող­մէ պա­տուա­կալ տոք­թո­րի կո­չում շնոր­հուե­ցաւ Էր­տո­ղա­նին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015