ՍԵՐՏ ԵՒ ԾԱՒԱԼՈՒՆ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին Մեծն քսանեակի («G20») գագաթաժողովի ծիրէն ներս երկրորդ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Արժանթինի մայրաքաղաքը Պուէնոս Այրէսի մէջ կազմակերպուած «G20»ի գագաթաժողովը շաբաթավերջին անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ միջազգային օրակարգի վրայ։ Այս ամբողջին մէջ այս գագաթաժողովը բնորոշուեցաւ նաեւ Էրտողանի եւ Թրամփի հանդիպումներով։ Արդարեւ, երկու ղեկավարները Պուէնոս Այրէսի մէջ արդէն երկու անգամ զրուցեցին։ Անգարա եւ Ուաշինկթըն այս շրջանին սերտ եւ ծաւալուն քննարկումներ յառաջ կը տանին՝ իրենց օրակարգին տեսակէտէ առաջնահերթ զանազան խնդիրներու շուրջ։

Պուէնոս Այրէսի մէջ տեղի ունեցած Էրտողանի եւ Թրամփի երկրորդ հանդիպումէն վերջ պաշտօնական աղբիւրները կատարեցին զանազան հաղորդումներ։ Ըստ որոնց, նախագահները շօշափեցին Սուրիոյ տագնապի ընթացքը եւ այդ տագնապի յաղթահարման համար նախատեսուած գործընթացներու այժմու կացութիւնը։ Էրտողան եւ Թրամփ կանգ առին նաեւ Մենպիչ քաղաքը ահաբեկչական կազմակերպութիւններէ մաքրագործելու հարցերուն վրայ։ Ծանօթ է, որ Թուրքիա եւ ԱՄՆ երկար ժամանակէ ի վեր հետեւողական աշխատանք կը տանին այս խնդրին շուրջ եւ Մենպիչի պարագային նոյնիսկ ճանապարհային քարտէս մը որդեգրուած է երկու կողմերու միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Այդ ճանապարհային քարտէսի պարագային տեղի կ՚ունենան որոշ յապաղումներ, ինչ որ ներկայիս Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ դարձեալ առաջնահերթ բնոյթ ստացած է։ Էրտողան-Թրամփ վերջին զրոյցի լոյսին տակ թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ շաբաթավերջին տեղեկացուցին, որ Թուրքիա Սուրիայէ ներս ահաբեկչութեան դէմ պայքար յառաջ տանելու հարցին շուրջ ինքզինք հարիւր տոկոս կապուած չի զգար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն։

ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍԻ ՄԷՋ ԽՕՍԵՑԱՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ

«G20»ի Պուէնոս Այրէսի գագաթաժողովի աւարտին կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նախագահ Էրտողան հարցումի մը պատասխանելով անդրադարձաւ հայկական հարցին։ «Ոեւէ մէկը չի կրնար Թուրքիային ըսել, որ ցեղասպանութիւն գործադրած է հայոց դէմ», ըսաւ Էրտողան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։

Նոյն հարցումին կապակցութեամբ ան յիշեցուց, որ Թուրքիոյ մէջ ներկայիս կ՚ապրի 100 հազար հայ։ «Ասոնց մօտաւորապէս 30 հազարը քաղաքացի է, իսկ միւսները Հայաստանէն խոյս տալով եկած են մեր երկիրը եւ ներկայիս մենք կը թոյլատրենք՝ որպէսզի անոնք գտնուին մեր երկրին մէջ։ Այսինքն այս պահուն 100 հազար հայ կ՚ապրի մեր երկրին մէջ։ Մենք չենք ըսած, որ անոնք քաղաքացիներ չեն ու պէտք է արտաքսուին երկրէն։ Մարդկայնօրէն վերաբերուած ենք ու կը վերաբերուինք։ Անոնք տակաւին կը շարունակեն մեր երկրին մէջ ապրիլ», ըսաւ Էրտողան։

Բաց աստի, նախագահը կրկնեց այն մօտեցումը, թէ պատմական խնդիրները պէտք է թողուին պատմաբաններուն։ «Պատմաբանները ի՞նչ կ՚ըսեն այս նիւթին շուրջ։ Ովքե՞ր ովքերո՞ւ դէմ ցեղասպանութիւն գործադրած են։ Մեր պատմութեան մէջ նման երեւոյթ մը չկայ։ Սա շատ բաց է, յստակ կ՚ըսենք եւ ամէն տեսակ վէճի մէջ կրնանք մտնել», աւելցուց Էրտողան։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2018