ԱՆԿԵՂԾ ԲԱՐԵՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐ

Պէշիկթաշի քաղաքապետարանը երէկ երեկոյեան կազմակերպեց՝ Ամանորի ընդառաջ հանդիպում մը։ Վերջին տարիներուն աւանդական դարձած են Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ընթրիքները, որոնց կը հրաւիրուին նաեւ փոքրամասնութիւններու շրջանակներէն ներկայացուցիչներ։ Քաղաքապետ Ռըզա Աքփոլատի եւ կողակցին՝ Տերիա Աքփոլատի տանտիրութեամբ երէկ-ւան ամանորեան ընթրիքը տեղի ունեցաւ Պէշիկթաշի Four Seasons պանդոկի շքեղ սրահներուն մէջ։ Սեղաններուն շուրջ ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։ Ռըզա Աքփոլատի կողքին էր նաեւ քաղաքապետարանի իր խորհրդականներէն Նուրհան Փալաքօղլուն։

Մեր համայնքային շրջանակներուն կողմէ բազմաթիւ ներկայացուցիչներ մասնակցեցան երեկոյթին։ Հրաւիրեալ հոգեւոր առաջնորդներու շարքին էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ մօտալուտ Ամանորին առթիւ բարեմաղթանքներ բաժնեց Պէշիկթաշի քաղաքապետ Ռըզա Աքփոլատին հետ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2019