ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ԱՄՄԱՆ ԿԸ ԲԱՆԱՆ ՆՈՐ ԷՋ ՄԸ

Յորդանանի Արտաքին գործոց նախարար Այման էլ Սաֆատ երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը եւ բանակցութիւններ վարելէ վերջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Անոնք շեշտեցին, որ երկու երկիրները պատրաստ են լիարժէք կեանքի կոչել համագործակցութեան զարգացման ներուժը։

Մնացականեան եւ Էլ Սաֆատ քննարկեցին միջազգային յարաբերութիւններու եւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան հարցերու լայն շրջանակ մը։ Մնացականեան ներկայացուց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացէն ներս Հայաստանի դիրքորոշումն ու մօտեցումները՝ ընդգծելով խաղաղութեան տեսակէտէ նպաստաւոր միջավայրի մը ձեւաւորման, ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու կարեւորութիւնը։ Մնացականեան վստահութիւն յայտնեց, թէ Այման էլ Սաֆատի այցելութիւնը նոր էջ մը կը բանայ Երեւանի եւ Ամմանի յարաբերութիւններուն մէջ։

Հիւր նախարարը Երեւանի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2019