ԷՐՏՈՂԱՆ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՆԱԹՕ-Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Լոնտոն, ուր տեղի կ՚ունենայ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը։ Դաշինքի հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանին ձօնուած է այս գագաթաժողովը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան միջազգային հրատապ խնդիրներ։ Կը նախատեսուի, որ Լոնտոնի մէջ ընդգծուի Եւրոպա-Ատլանտեան առանցքին վրայ ներդաշնակութեան կարեւորութիւնը։ ՆԱԹՕ-ի տարածքին ուղղեալ ահաբեկչական վտանգները ներառեալ՝ գագաթաժողովի մասնակիցները կ՚անդրադառնան բոլոր ռիսքերուն եւ փորձութիւններուն, որոնց դիմագրաւման համար անհրաժեշտ է միասնականութիւնն ու զօրակցութիւնը։ Լոնտոնի գագաթաժողովի օրակարգին վրայ կը գտնուի նաեւ դաշինքի՝ արդի անվտանգութեան մթնոլորտին համապատասխանեցման հրամայականը։ Այս ամբողջին մէջ ղեկավարները շրջաբերական մը պիտի հրապարակեն՝ 2020-ական թուականներուն պատրաստուելու ուղղութեամբ։ Գագաթաժողովի աւարտին պիտի հրապարակուի Լոնտոնի զեկոյցը։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին կը մասնակցի բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ։ Այսպէս, իրեն կ՚ուղեկցին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, Գանձի ու ելմտական նախարար Պերաթ Ալպայրաք եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Լոնտոնի մէջ Էրտողան հանդիպումներ կ՚ունենայ նաեւ գագաթաժողովի մասնակից շարք մը ղեկավարներու հետ։ Այս ամբողջին մէջ կարեւորագոյնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ նախատեսուած տեսակցութիւնն է։ Բաց աստի, Լոնտոնի մէջ քառակողմանի հանդիպում մը տեղի կ՚ունենայ Սուրիոյ տագնապին շուրջ։ Նախագահ Էրտողանի առընթեր, այս քառակողմանի հանդիպման կը մասնակցին Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճանսըն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ։ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն առընթեր, այս չորս ղեկավարները կ՚անդրադառնան Լիպիայի կացութեան եւ տարածքաշրջանային իրադարձութիւններուն։
Դէպի Լոնտոն ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին Էրտողան պիտի մասնակցի Քէյմպրիճի նորակառոյց կեդրոնական մզկիթի բացման արարողութեան։ Հարկ է նշել, որ այս մզկիթը ունի հազար հոգիի տարողութիւն։ Լոնտոն մեկնելէ առաջ Էրտողան այս առաւօտ յայտարարեց, որ գագաթաժողովի ընթացքին ՆԱԹՕ-ի ի նպաստ կատարուելիք շեշտադրումները պիտի ներկայացնեն մեծ կարեւորութիւն։ Օրակարգի վրայ պիտի ըլլան նաեւ Չինաստանի եւ Ռուսաստանի նման միջազգային ազդու դերակատարներու վերաբերեալ նիւթեր։ Թուրքիա միջազգային բեմահարթակի վրայ այդ բոլոր երկիրներուն հետ կը համագործակցի՝ իր աշխարհագրական դիրքին եւ արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն զուգահեռ։ Էրտողանի խօսքով՝ այդ համագործակցութիւնը Թուրքիան երբեք չի պատկերացներ ի հաշիւ իր դաշնակիցներուն, այլեւ՝ ընդհակառակն, կը համարէ ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներուն հետ յարաբերութիւնները լրացնող գործօններ։