ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան համար թէեւ համրուած օրեր մնացած են, սակայն զուգահեռաբար կատարուած դատական դիմումները միշտ կը զբաղեցնեն օրակարգը։ Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ բացուած դատերը ի սկզբանէ դարձան հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ։ Ցայսօր անհատական բնոյթով բազում դիմումներ կատարուեցան եւ անոնց շարքին ամենաուշագրաւը եղաւ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի նախաձեռնութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, ան միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը։ Սիմոն Չեքէմ դատ մը բացած էր Ներքին գործոց նախարարութեան եւ զուգահեռաբար Իսթանպուլի կուսակալութեան դէմ՝ պահանջելով Նախաձեռնարկ մարմնին լուծարումը։ Ըստ էութեան, իր պատճառաբանութիւնը այն էր, որ Նախաձեռնարկ մարմինը կանոնադրութեամբ նախատեսուած իր գործառոյթները պատշաճօրէն չէր կատարեր։ Կը տեղեկանանք, որ պատկան ատեանը երէկ արձակած է իր վճիռը՝ 12 նոյեմբերին բացուած դատի հիման վրայ։ Այս արձակուած դատավճիռը ուշագրաւ մօտեցումներ օրակարգի վրայ կը բերէ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս։ Իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ մեզի յայտնեց, որ իր կատարած դիմումի հիման վրայ թէեւ դատարանը չէ բաւարարած գործընթացը կասեցնելու պահանջը, սակայն դատավճռի հիմնաւորումները կը համարուին թէ՛ հետաքրքրական եւ թէ հակասական։ Սա նուրբ կէտ մըն է, որովհետեւ առիթ կ՚ընձեռէ նաեւ հարցը տեղափոխելու Վերաքննիչ ատեան։ Սիմոն Չեքէմ կը պատրաստուի փութով օգտուելու այդ հնարաւորութենէն եւ արդէն անմիջապէս անհրաժեշտ դիմումը կը կատարէ Վերաքննիչ ատեանին մօտ։
Երէկ արձակուած դատավճռին կցուած է նաեւ Իսթանպուլի կուսակալութեան ներկայացուցիչ փաստաբանին կողմէ դատարան ուղարկուած ծաւալուն խորհրդածութիւնը։
Սիմոն Չեքէմ մեզի յայտնեց, որ իր բացած դատը մերժուած է, ըստ էութեան, այն պատճառով, թէ կարելի չէ այս խնդրին շուրջ թիրախաւորել Ներքին գործոց նախարարութիւնը։ Արդարեւ, Նախաձեռնարկ մարմինը Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ կազմուած չէ։ Այս դատավճիռէն Սիմոն Չեքէմ կը հետեւցնէ նաեւ, որ Նախաձեռնարկ մարմնին չի վերագրուիր պաշտօնական հանգամանք մը կամ կարգավիճակ մը։
Երէկ արձակուած դատավճռին մէջ յղում կատարուած է Սահմանադրական ատեանին կողմէ 22 մայիս 2019 թուականին տրուած որոշման։ Նշուած է, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան եւ Լոզանի դաշնագրի ստորագրումէն վերջ գործադրութեան մտած 1924 թուականի Սահմանադրութիւնով դադրած է գործադրութիւնը 1863 թուականի Սահմանադրութեան։ Յամենայնդէպս, Սահմանադրական ատեանը վերահաստատած է, որ այդ Սահմանադրութիւնը կարեւոր փաստաթուղթ մըն է, որ կը մատնանշէ հայ համայնքի աւանդութիւնները եւ հանդիսացած է ցայսօր կատարուած պատրիարքական ընտրութիւններու հիմքը։ 1927, 1951, 1961, 1990 եւ 1998 թուականներու պատրիարքական ընտրութիւնները կատարուած են վախճանման բերումով։ Վերջին երեք ընտրութիւնները կատարուած են 18 սեպտեմբեր 1961 թուականի Նախարարաց խորհուրդի որոշմնագրին հիման վրայ։ Կուսակալութեան պաշտպանողականին մէջ նշուած է, որ կանոնադրութեան մէջ չէ նշուած, թէ Նախաձեռնարկ մարմինը ինչպէս պէտք է ստեղծուի։
Կուսակալութեան փաստաբանը նշած է, որ կարելի է ընդունիլ, թէ գործադիր իշխանութիւնը իրաւասութիւն մը ունի առնուազն պատրիարքական ընտրութեան գործերու կարգաւորման մէջ։