ՎԱՂԸ՝ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Վաղը Պրաթիսլաւայի մէջ տեղի պիտի ունենայ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն տարեկան ժողովը։ Իր տեսակին մէջ 26-րդ այս նախարարական խորհրդաժողովի ամբողջին մէջ պիտի շարունակուին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները։ Այսպէս, Պրաթիսլաւայի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով։ Երեւանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ նախարարներու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Զօհրապ Մնացականեան երէկ Երեւանի մէջ յայտարարութիւններ ըրաւ վաղուան տեսակցութեան կապակցութեամբ։ «Պիտի աշխատինք մեր գերակայութիւններուն շուրջ», ըսաւ Մնացականեան տեսակցութեան ընդառաջ։ Նախարարը շեշտեց, որ հայկական կողմը հաւատարիմ է խաղաղ կարգաւորման։ «Մենք այս մէկուկէս տարուայ ընթացքին ի ցոյց դրինք մեր կարողութիւններն ու լրջութիւնը՝ խաղաղ գործընթացի մէջ ներգրաւուելու եւ արդիւնաւէտ աշխատելու համար։ Կայանալիք հանդիպման ուղղութեամբ մենք աշխատած ենք։ Մենք կ՚երթանք մեր աշխատանքը կատարելու եւ ունինք մեր գերակայութիւնները, պիտի աշխատինք անոնց շուրջ», ըսաւ Մնացականեան եւ աւելցուց, որ հրադադարի ամրապնդումը, լարուածութեան ռիսքերու նուազեցումը կարեւոր հարցեր կը համարուին հայկական կողմին տեսակէտէ։

«Մենք ունինք միասնական ծրար մը, որու մէջ կան շատ կարեւոր հարցեր՝ բուն կարգաւորման վերաբերեալ եւ կան նաեւ շատ կարեւոր հարցեր, որոնք կը վերաբերին միջավայրին. այն միջավայրին, որու մէջ տեղի կ՚ունենայ խաղաղ կարգաւորման գործընթացը։ Բոլորը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունին իրենց ամբողջութեան, իրենց համապարփակութեան մէջ։ Բուն կարգաւորման հարցին շուրջ մեր գերակայութիւնները կ՚առընչուին Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան եւ կարգավիճակին։ Բնականաբար, մենք պիտի շարունակենք փորձարկել, մշակել այն մօտեցումները, համադրումները, որոնք մեզի անհրաժեշտ պիտի ըլլան տեսնելու, թէ մեր գերակայ կարեւորագոյն հարցերը կը ստանա՞ն իրենց համապատասխան արտայայտութիւնը կամ ոչ», մատնանշեց Մնացականեան  եւ աւելցուց, որ Մամետեարովի հետ անցեալ ամիս տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին ապահոված էին որոշ համեստ արդիւնք մը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2019