ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի յաջորդած մթնոլորտին մէջ, երէկ, Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէին կողմէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելեց Երեւան։ Յետպատերազմեան ծանր իրականութեան պայմաններուն ներքեւ Արցախի հայութիւնը ներկայիս կը դիմագրաւէ մարդասիրական ծանրակշիռ տագնապ մը, որու յաղթահարման նպատակով բազմակողմանի որոնումներ յառաջ կը տարուին։ Այս ամբողջին մէջ Հայաստանի ղեկավարութիւնը անմիջական շփման մէջ կը գտնուի Կարմիր խաչի հետ, որ առաջին օրէն իսկ կը ջանայ ազդու ձեւով արձագանգել Արցախէն բարձրացած ձայնին, որ կ՚ահազանգէ մարդասիրական իսկական աղէտի մը համար։

Երէկ, Երեւան այցելեցին Կարմիր խաչի Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածքաշրջանային ղեկավար Մարթին Շիւփի, ճգնաժամային գործառոյթներու ղեկավար Փասքալ Հունտի, Հայաստանէ ներս Կարմիր խաչի պատուիրակութեան նորանշանակ ղեկավար Թիէրի Ռիպոյ եւ իր նախորդը՝ Քլեր Մէյթրոյ։ Այս բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի կողմէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արա Այվազեանի մօտ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Ատրպէյճանի մէջ գտնուող գերիներու եւ պատանդներու վերադարձի, կորսուածներու որոնողական աշխատանքներուն, դիակներու փոխանակման հարցերը։ Այս առընչութեամբ կողմերը վերահաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ առաջնահերթ այս խնդիրներուն հրատապ ու լիարժէք լուծում մը գտնելու համար համատեղ ջանքեր գործադրելու ուղղութեամբ։ Արա Այվազեան մտահոգութիւն յայտնեց, թէ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէ հայ գերիներու եւ խաղաղ բնակչութեան դէմ անմարդկային եւ նուաստացուցիչ վերաբերմունք կը ցուցաբերուի, խոշտանգումներու եւ հաշուեյարդարի բազմաթիւ դէպքեր կը պատահին։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախէ ներս յառաջացած մարդասիրական տագնապի յաղթահարման հարցերուն, մասնաւորապէս՝ պատերազմէն տուժած արցախահայութեան աջակցութեան, ենթակառուցուածքներու վերականգնման, Արցախ վերադարձած բնակիչներու համար հրատապ օգնութեան խնդիրներուն։ Արա Այվազեան բարձր գնահատեց այս ուղղութեամբ Կարմիր խաչի կողմէ գործադրուած ջանքերը։ Ան յայտնեց, որ հայկական կողմը պատրաստակամ է շարունակելու սերտ համագործակցութիւնը՝ մարդասիրական միջոցառումները առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու համար։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2020