BBC-Ի ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ. «ԻՆՉՈ՞Ւ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՉՅԱՋՈՂԵՑԱՒ ԴԱՌՆԱԼ ՀԱՅՈՑ ՄԱՆՏԵԼԱՆ»

Երեւանի մէջ երէկ երեկոյեան Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերը կազմակերպեցին «Արժանապատուութեան երթ» մը՝ միշտ պահանջելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ Արցախի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան ծանր պայմանները եւ կորուստի պատմական բնոյթը սարսափելի ալեկոծումի մը ծնունդ տուած են Հայաստանի մէջ։ Քաղաքական ցնցումը կը շարունակուի ժողովրդական պոռթկումով։ Մէկ կողմէ իշխանութիւնները կը ջանան չտեսնել ձեւացնել բողոքի ալիքը, զայն հրապարակաւ կ՚արհամարհեն, իսկ միւս կողմէ ընդդիմութիւնն ալ հետզհետէ կը սաստկացնէ իր քայլերը։ Հակադիր բեւեռներու միջեւ անդունդը կը խորանայ, ինչ որ աչալուրջ շրջանակներու կողմէ կը համարուի մտահոգիչ։ Արդարեւ, բոլորը համամիտ են, որ առկայ կացութեան յաղթահարման անխուսափելի նախապայմանը համախմբումն է։ Այժմ պարզ է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը ի վիճակի չէ այդ համախմբումը ապահովելու։ Երկիրը պէտք ունի կառավարութեան մը, որ պիտի գործէ ժողովրդական ամուր յենարաններով։ Ուստի, կանխահաս ընտրութիւնները կը համարուին հիմնական ելքը։ Առայժմ բոլոր կողմերը կը շարունակեն մնալ անդրդուելի եւ մանաւանդ իշխանութիւններուն կողմէ ցուցաբերուած յամառութիւնը հեռու է նպատակայարմար ըլլալէ, որովհետեւ տագնապալի իրավիճակի մէջ երկիրը ահաւոր ժամանակ կը մսխէ։

Երկրի մատնուած կացութեան մասին «168.am»ին տուած հարցազրոյցին մէջ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին միացաւ նաեւ Կարէն Կարապետեան։ Այս վերջինը «Տաշիր կրուփ»ի համասեփականատէրն է։ Այդ խմբաւորումը կը պատկանի ռուսահայ յայտնի գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեանին, որ Ռուսաստանի մեծահարուստներու շարքին կը դասուի։ Կարէն Կարապետեան Սամուէլ Կարապետեանի եղբայրն է եւ անցեալի մէջ եղած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը։ Ըստ իրեն, պէտք չէ երկիրը եւ ժողովուրդը նոր փորձութիւններու տանիլ։ Իշխանութիւնը պէտք է անցնցում ձեւով հեռանայ։ Ան ըսաւ.

«Եթէ կը յիշէք՝ 2018 թուականին, ըլլալով իշխանութեան մէջ, ըսած էի՝ իրական իշխանութիւնը դուրսն է՝ փողոցն է եւ դուրսը գտնուող ուժերն ալ պէտք է որոշեն, թէ յաջորդ իշխանութիւնը ո՛վ պիտի ըլլայ։ Այսօր ալ նոյն մօտեցումն է. իշխանութիւնը փողոցն է եւ իշխանութենէն դուրս ուժերն ալ պէտք է որոշեն՝ ո՛վ պիտի ըլլայ յաջորդ իշխանութիւնը, վարչապետի թեկնածուն։ 2018-ին մարդիկ ըմբռնումով ընդունեցին այդ փաստը եւ անցնցում հեռացան իշխանութենէն։ Նոյնը հիմա պէտք է ըլլայ։ Առ հասարակ պէտք է մեր երկրէն ներս քաղաքական մշակոյթ ձեւաւորուի եւ այն ուժերը, որոնք կը կորսնցնեն հանրային վստահութիւնը, այն է՝ իրական իշխանութիւնը, պէտք է իշխանութիւնը անցնցում յանձնեն յաջորդ ուժերուն եւ հեռանան։ Պէտք չէ երկիրը եւ ժողովուրդը նոր փորձութիւններու տանիլ։ Բազմաթիւ փորձութիւններէ անցած ենք, բաւական է»։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Հայաստանի կառավարութիւնը երէկ որոշեց բաւ համարել ռազմական դրութեան շրջանակներէն ներս հաստատուած սահմանափակումները։ Սեպտեմբերի 27-էն ի վեր երկրէն ներս ռազմական դրութիւն յայտարարուած էր։ Երէկ կատարուած փոփոխութիւններով վերցուեցաւ հաւաքներու, գործադուլերու կազմակերպման եւ մասնակցելու արգելքը։ Դադրեցուեցաւ նաեւ հրապարակումներու եւ հաղորդումներու սահմանափակումներու արգելքը։ Միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի տարածք յատուկ մուտքի եւ ելքի դրութիւնն ու սահմանափակումներն ալ բաւ համարուեցան։ Երկրի դիմագրաւած քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ BBC-ի ռուսական ծառայութիւնը երէկ խոշորացոյցի տակ բերաւ Երեւանի կեդրոնի բողոքի ցոյցերը։ Այսպէս, հողերու յանձնման հետեւանքով ազգային ցասում բռնկած է։ Ըստ հեղինակաւոր աղբիւրին, Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնավարութեան ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն բերումով անոր վարկանիշը անկում ապրած է։ «Ինչո՞ւ Նիկոլ Փաշինեան չյաջողեցաւ դառնալ հայոց Մանտելան» խորագրեալ հաղորդման մէջ յիշեցուած է, որ հարցախոյզներու արդիւնքով եթէ Փաշինեանի ժողովրդական աջակցութեան վարկանիշը անցեալ ամրան կը հասնէր 85 տոկոսի, ապա պատերազմի աւարտէն երեք օր վերջ արդէն 30 տոկոսէն ալ աւելի նուազ էր։ Յօդուածի հեղինակը նշած է, որ Փաշինեան փորձած է փոխել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններու ձեւաչափը, սակայն ապարդիւն։ Ան թէեւ անձնական հանդիպումներ ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, սակայն բովանդակութիւնը ամբողջութեամբ ցայսօր յայտնի չէ։ Փաշինեան եւ Ալիեւ վերջին անգամ այս տարուայ փետրուարին Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի շրջանակներէն ներս հրապարակային բանավէճ մը ունեցած էին։ BBC-ի հաղորդումներով, այնտեղ Փաշինեանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները Մոսկուայի հաւանութեան չէին արժանացած։ «Սա դիւանագիտական քայլ մը չէր։ Նման յայտարարութիւններէ վերջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ի՞նչ բանակցութիւններու մասին խօսք կրնար ըլլալ։ Միջազգային ասպարէզի մէջ Հայաստան դուրս չէ եկած Ռուսաստանի ուղեծիրէն, սակայն երկրէն ներս Փաշինեանի կողմէ կատարուած գործողութիւններն ալ Ռուսաստանի մէջ վրդովմունք յառաջացուցած են», նշուած է BBC-ի հաղորդումներուն մէջ։ Օրինակներու շարքին թուարկուած են զօրավար Եուրի Խաչատուրովի՝ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնէն ետ կանչուիլը եւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ձերբակալումը։

ԱՌՑԱՆՑ ԺՈՂՈՎ

Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ մասնակցեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու հեռավար գագաթաժողովին։ Ան ելոյթ մը ունեցաւ առցանց հաւաքին ժամանակ՝ ընդգծելով, որ անյետաձգելի է գերիներու եւ զոհերու աճիւններու փոխանակման հարցը յետպատերազմեան իրավիճակին մէջ։

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն ալ, իր կարգին, այս հեռավար ժողովի ընթացքին դրուատիքով արտայայտուեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի մասին։ «Հայաստանի ղեկավարութիւնը, վարչապետը ստիպուած էին ընդունիլ շատ բարդ, բայց Հայաստանի ժողովուրդի համար անհրաժեշտ որոշումներ։ Անոնք, ի հարկէ, ցաւոտ են ու մեծ խիզախութիւն պահանջած են վարչապետէն։ Փաշինեան այդ պատասխանատուութիւնը վերցուցած է իր վրայ։ Մեր խնդիրն է աջակցիլ Փաշինեանին եւ իր խումբին, որպէսզի խաղաղ կեանքը կարգաւորուի եւ ձեռք բերուած բոլոր համաձայնութիւնները իրագործուին», ըսաւ Վլատիմիր Փութին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2020