ԱԹՈՌԷՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին իր հերթական հանդիպումը ունեցաւ պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ։ Անցեալ հոկտեմբերի 28-ին Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած այս նոյն ձեւաչափով տեսակցութեան շարունակութիւնն էր երէկուանը։ Դահլիճին մէջ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս շրջանին լայն տեսադաշտով կը դիտարկէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը եւ այդ ամբողջին մէջ ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ այն տարրերուն վրայ, որոնց գործունէութեան կայունութիւնը ուղղակիօրէն կը պայմանաւորէ համայնքային կեանքի առողջ ընթացքը։ Բնականաբար, թրքահայ զանազան կառոյցներու գործունէութեան ընդհանուր կայունութեան երաշխաւորումը ներկայ դժուարին շրջանին ուղղակիօրէն կապ ունի ելմտատնտեսական հաւասարակշռութիւններու պահպանման հետ, որովհետեւ նիւթական առկայ դժուարութիւնները, միջոցներու սղութիւնը հասած են գագաթնակէտին։ Այս բոլորը հաշուի առնելով Նորին Ամենապատուութիւնը յղացած էր Պատրիարքական Աթոռին կողմէ տնօրինուած միջոցներով զօրակցութեան առարկայ դարձնել համայնքային լրատուամիջոցները։ Իր տնօրինութեամբ ու բարի կամքով՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախատեսած էր Պատրիարքական Աթոռին կողմէ տնօրինուած «Ռատիոյի ֆոն»ի միջոցներով աջակցութիւն ցուցաբերել թրքահայ մամուլին։ Մինչ անցեալ ժողովին ան մեր մամլոյ ներկայացուցիչները տեղեակ պահած էր այս մասին, երէկուան հանդիպման ընթացքին իր ներկայութեամբ մեր թերթերու պատասխանատուներուն յանձնուեցան այն յատկացումները, որոնք սահմանուած էին ըստ լրատուամիջոցներու պարբերականութեան։

Մամլոյ սպասաւորներն ալ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ ցուցաբերուած հոգածութեան համար՝ կարեւորելով Պատրիարքական Աթոռին կողմէ կատարուած օժանդակութեան նշանակութիւնը, որ զուտ նիւթականով չի սահմանափակուիր եւ վերաբերմունքի մը շօշափելի դրսեւորումը կը հանդիսանայ։

Երէկուան ընդունելութեան ժամանակ ծաւալուած զրոյցի ընթացքին բոլորի հասարակաց մաղթանքը եղաւ, որ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ ցուցաբերուած այս ոգին ուղեցոյց եւ առաջնորդ ըլլայ թրքահայ համայնքի վարչական բոլոր շրջանակներուն համար։

ՈՒՂԻՂ ԵԹԵՐ

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան ալ «Լոյս» արբանեակային հեռուստակայանին վրայ մասնաւոր ծրագիրով մը քննարկուեցան պոլսահայ մամլոյ առկայ հարցերը՝ թերթերու խմբագիրներուն մասնակցութեամբ։ Իրաւաբան Սարօ Պենկլեան վարեց քննարկումը, որ ուղիղ եթերով սփռուեցաւ «Մանշէթ» ծրագրի շրջանակին մէջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2021