ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ ՅԱՐԱՏԵՒ ՀՐԱՀՐՈՒՄ

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան հերթական անգամ անդրադարձաւ երկրի Ատրպէյճանի հետ սահմանակից շրջաններու բնակչութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ սպառնալիքներուն։ «Ինձ համար ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու նպատակն է ապաշրջափակման մասին յայտարարութիւններու ներքեւ մեր գիւղերուն մէջ ալ աւելի մեծ խնդիրներ ստեղծել», ըսաւ ան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ։

Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Սիւնիքի մարզի կացութիւնը դարձած է շատ նուրբ՝ մանաւանդ, որ Գորիս-Կապան ճանապարհի որոշ հատուածները Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած են։ Վերջին օրերուն Հայաստանի կառավարութիւնը տեղեկացուցած էր, որ արդէն այլընտրանքային ճանապարհ մը կառուցուած է ու տակաւին ուրիշներ ալ կը հասցուին շուտով։ Արման Թաթոյեան, որ վերջերս հերթական անգամ Սիւնիք այցելեց, ուսումնասիրեց ճանապարհներու ներկայ վիճակը։ «Ատրպէյճանի ապօրինի արարքներուն հետեւանքով յառաջացած են մարդու իրաւանց զանգուածային խախտումներ։ Ճանապարհներու դիտարկելիութեան, վիճակի, անվտանգութեան լուրջ խնդիրներ կան։ Ճանապարհները մարդու անվտանգութեան լրջագոյն սպառնալիքի տակ են։ Կեանքի իրաւունքը ոտնահարուած է», ըսաւ Արման Թաթոյեան ու շեշտեց, որ նոր՝ այլընտրանքային ճանապարհներն ալ ուղիղ կը դիտարկուին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ։

«Ի՞նչ ազդեցութիւն ունին այլընտրանքային ճանապարհները, երբ նոյն ձեւով կը դիտարկուին Ատրպէյճանի զինուորներուն կողմէ։ Ատրպէյճան ամէն օր ատելութիւն կը տարածէ ու կը խրախուսէ», ըսաւ Արման Թաթոյեան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2021