ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԵՒ ԷՆԹԸՆԻ ՊԼԻՆՔԸՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՍԹՈՔՀՈԼՄԻ ՄԷՋ
ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու՝ Սթոքհոլմի մէջ կազմակերպուած ժողովը այսօր կը հասնի իր աւարտին։ Սա նախարարներու 28-րդ հաւաքն էր, որու ընթացքին առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ դարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը, լուծման հեռանկարներով ու 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնով հանդերձ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները։
Երեւանի եւ Պաքուի ղեկավարութիւնները այս փուլին իրենց դիրքորոշումը հերթական անգամ միջազգային հանրութեան նկատառման յանձնեցին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հանդէս եկան ելոյթներով։ Այս առթիւ Պայրամով կրկնեց Պաքուէն վերջին շրջանին յաճախ բարձրաձայնուած բանաձեւումը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը աւարտած է։ Իր կարգին, Արարատ Միրզոյեանն ալ ելոյթին մէջ դիտել տուաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի որոշումը պէտք է ըլլայ բանակցութիւններու առարկայական հարց մը։
Այս ելոյթներուն ընթացքին Միրզոյեան եւ Պայրամով Սթոքհոլմի մէջ ունեցան զանազան երկկողմանի հանդիպումներ։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս կարեւոր էր Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեան եւ Պլինքըն քննարկեցին միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան վերաբերեալ հարցեր։ Այս ամբողջին մէջ Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստանի ինքնիշխան տարածք Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ներթափանցած ըլլալու պարագան։ Ան կանգ առաւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ իրականացուած յարձակումներուն հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին վրայ։ Զրուցակիցները կարեւորեցին լարուածութեան նուազեցման ուղղեալ քայլերու իրականացումը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Պատերազմի հետեւանքով յառաջացած, հրատապ լուծման կարօտ մարդասիրական հարցերու համատեսքին մէջ կարեւորուեցաւ գերիներու անյապաղ վերադարձի անհրաժեշտութիւնը։ Միրզոյեան եւ Պլինքըն ընդգծեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան ներքեւ հիմնախնդրի համապարփակ ու տեւական կարգաւորման ուղղեալ խաղաղ գործընթացի լիարժէք վերսկսման անհրաժեշտութիւնը։ Կարեւորուեցաւ Ուաշինկթընի դերը՝ որպէս համանախագահ։
Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնն ու առկայ խնդիրները քննարկման նիւթ դարձան նաեւ Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցած զանազան ձեւաչափերով այլ հանդիպումներու ընթացքին։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հերթական անգամ աչքէ անցուցին տարածաշրջանի իրավիճակը։ Նոյն առանցքին շուրջ Սերկէյ Լաւրով զրուցեց նաեւ Էնթընի Պլինքընի հետ։ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ յայտարարեց, որ կազմակերպութիւնը պատրաստ է նպաստելու Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներու տարածաշրջանային համագործակցութեան՝ եթէ անոնք համապատասխան պայմանաւորուածութեան հասնին։ Լինտէ Սթոքհոլմի մէջ Հարաւային Կովկասի կացութեան շուրջ զրոյցներ ունեցաւ նաեւ Չավուշօղլուի եւ Լաւրովի հետ։
Իր կարգին, Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելն ալ յայտարարեց, որ ԵՄ կ՚աջակցի այն ջանքերուն, որոնք ուղղուած են Լեռնային Ղարաբաղէ ներս երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման։ Իր խօսքով՝ ԵՄ կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի հրադադարը պահպանուի եւ պատրաստ է աջակցելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի աշխատանքներուն։
Մինչ այդ, Սթոքհոլմի մէջ համատեղ յայտարարութիւնով մըն ալ հանդէս եկան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու՝ Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները։
Հարկ է յիշեցնել, որ վերջին օրերուն բազում աղբիւրներ շատ հաւանական կը նկատէին Սթոքհոլմի մէջ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ հանդիպում մը։ Պաշտօնական աղբիւրները երէկ երեկոյեան եւ այս օրուայ սկիզբի դրութեամբ ոչինչ հաղորդած են Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպումի մը մասին։