«ՔԵ՛Զ ՀԱՄԱՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՆՈՒԻՐԱՀԱՒԱՔ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը այս տարի եւս կազմակերպեց տարեկան հերթական հանգանակութիւնը։ «Քե՛զ համար Հայաստան» կարգախօսով կեանքի կոչուած նախաձեռնութիւնը 27-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Նուիրահաւաքը Եւրոպայի մէջ ֆոնեթոնի, իսկ Ամերիկայի մէջ հեռուստամարաթոնի ձեւաչափով տեղի ունեցաւ։ Հիմնադրամի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ արդէն հանգանակուած է շուրջ 15 միլիոն 300 հազար ամերիկեան տոլար։ Սա այս պահու դրութեամբ հանգանակուած գումարն է եւ դրամահաւաքը մինչեւ տարեվերջ պիտի շարունակուի։ Այդ փուլին է, որ վերջնական արդիւնքը պիտի ամփոփուի։

Հանգանակութեան հասոյթը պիտի ուղղուի շարք մը ռազմավարական ծրագրերու իրականացման. ինչպէս՝ սահմանային համայնքներու խմելու կամ ոռոգման ջուրի համակարգերու կառուցում կամ վերակառուցում, համայնքային բժշկական նոր կեդրոններու կառուցում, սահմանային համայնքներու դպրոցներու, մանկապարտէզներու եւ այլ կեդրոններու արեւային կայաններու տեղադրում, սահմանային համայնքներու անապահով ընտանիքներու բնակարաններէն ներս արեւային ջրատաքացուցիչներու տեղադրում, Արցախէն բռնի տեղահանեալ կանանց գործարար կարողութիւններու հզօրացում, մշակութային կամ ստեղծարար նախաձեռնութիւններու աջակցութիւն։

Ի լրումն այս բոլորին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը նախատեսէ 2025-2026 շրջանին իրականացնել երկու լայնածաւալ նախագիծ։ Անոնցմէ առաջինն է՝ բնակելի աւանի մը կառուցումը պատերազմի այն վեթերաններու համար, որոնք յենաշարժման խնդիրներ կը դիմագրաւեն։ Սա կը նախատեսուի «Զինուորի տուն» բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան հետ միասին։ Այս աւանը Կոտայքի մարզէն ներս պիտի ստեղծուի։ Երկրորդ՝ Կիւմրիի մէջ պիտի կառուցուի Արցախի մշակութային ժառանգութեան կեդրոն մը ու Արցախէն տեղահանուած գորգագործ ընտանիքներու համար բնակելի աւան մը։

Հիմնադրամը այս փուլին կ՚ընդգծէ իր երախտագիտութիւնը բոլոր նուիրատուներուն եւ աջակիցներուն համար, որոնք հայրենիքի կողքին դիրք կը գրաւեն։ Հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ մատնանշուած է, որ հիմնադրամի զարգացման ծրագիրները կը նպաստեն՝ սահմանամերձ բնակավայրերու տասնեակ հազարաւոր բնակիչներու։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2024