ԴՐԱԿԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ
Եւրոյանձնաժողովի Ուժանիւթի եւ կլիմայի փոփոխութիւններու գծով յանձնակատար Միկուէլ Արիաս Քանեթէ յայտարարեց, որ Թուրքիա բանալի երկիր մըն է ուժանիւթի անվտանգութեան առումով։
Իսթանպուլի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն ուժանիւթի ոլորտէ ներս բարձր մակարդակով երկխօսութեան ժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք։ Այս ժողովէն վերջ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին նախարարն ու յանձնակատարը։ Այս առթիւ Պերաթ Ալպայրաք յայտնեց, թէ Թուրքիոյ ԵՄ-ի լիիրաւ անդամակցութեան բանակցութիւններուն շրջագծով յառաջիկայ քանի մը ամսուան ընթացքին քննարկման կրնայ բացուիլ ուժանիւթի վերաբերեալ գլուխը։ Ըստ իրեն, ուժանիւթի վերաբերեալ այս համարը 15 գլուխի քննարկման բացուելուն համար 2007 թուականէն ի վեր թրքական կողմը հետամուտ եղած է համապատասխան գործընթացի մը։ Այդ գլուխը բանակցութեան չէ բացուած Յունական Կիպրոսի պատճառով։ Բայց եւ այնպէս, գործընթացը վերսկսած է Յունուարի 8-ին։ Նախարարը յոյս յայտնեց, թէ յառաջիկայ քանի մը ամսուան ընթացքին այս գլուխի քննարկման բացման նիւթը Եւրոյանձնաժողովին կողմէ պիտի փոխանցուի ԵՄ-ի խորհուրդին։
Ըստ Պերաթ Ալպայրաքի բացատրութիւններուն, ժողովի ընթացքին քննարկուած են ուժանիւթի մատակարարման եւ անվտանգութեան վերաբերեալ նիւթեր։ Կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցած են Կեդրոնական Ասիոյ վերաբերեալ ծրագրերուն շուրջ, ներառեալ TANAP-ը։ «Եւրոմիութեան նման Թուրքիան ալ կախ-ւածութիւններ ունի ուժանիւթի ոլորտին մէջ։ Այս տեսանկիւնէն դիտարկելու պարագային՝ Եւրոմիութեան հետ ուժանիւթի ոլորտէն ներս ռազմավարական համագործակցութիւնը առաւել եւս կարեւորութիւն կը ներկայացնէ», ըսաւ Պերաթ Ալպայրաք։
Բաց աստի, քննարկումներուն ընթացքին շօշափուած են Փարիզի մէջ կազմակերպուած Կլիմայի փոփոխութեան խորհրդաժողովին (COP21) ժամանակ օրակարգի վրայ եկած նիւթերը։
Իր կարգին, Միկուէլ Արիաս Քանեթէ նշեց, թէ կը նախատեսեն երեք ամսուան ընթացքին աւարտել նախապատրաստական աշխատանքները եւ քաղաքական խոչընդոտները յաղթահարելու պարագային ուժանիւթի գլուխը բանալ բանակցութիւններու։
Մինչ այդ, Ալպայրաք Քանեթէն հրաւիրած է մասնակցիլ՝ Համաշխարհային ուժանիւթի խորհրդաժողովին, որ 9-13 Հոկտեմբեր թուականներուն տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ։