ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Աշխարհի վրայ միակ պետութիւնն է Պուտանը, որու պաշտօնական կրօնն է թանթրիական պուտիզմը: Այդ իսկ պատճառով իր գլխաւոր նպատակը կառավարութիւնը կը համարէ իւրաքանչիւր քաղաքացիի ձգտումը երջանկութեան: Այս դրոյթը ամրագրուած է երկրի Սահմանադրութեան 9-րդ յօդուածին մէջ: Մարդահամարի ժամանակ իւրաքանչիւր քաղաքացիին հարց տրուած է. «Երջանի՞կ էք»:
2015 թուականին իրականացուած մարդահամարի ընթացքին բնակչութեան 35 առ հարիւր տոկոսը տուած է «շատ երջանիկ» պատասխանը, 47.9 տոկոսը՝ «երջանիկ», եւ միայն 8.8 տոկոսը պատասխանած է. «ոչ այնքան երջանիկ»:
Երջանկութիւնը դրուած է ազգային քաղաքականութեան հիմքին, որու համար ալ երկրին մէջ կը գործէ Երջանկութեան նախարարութիւնը, որ գոյութիւն ունի ոչ մէկ այլ երկրի մէջ։