ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Երե­ւա­նի մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ա­ռըն­թեր ստեղ­ծուած Ազ­գա­յին հե­տա­զօ­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան։ Ներ­կայ էին նաեւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մնա­ցա­կա­նեան։ Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ե­լոյ­թնե­րով հան­դէս ե­կան Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Պաշտ­պա­նա­կան ազ­գա­յին հա­մալ­սա­րա­նի «Տա­նըլտ Այ­զէն­հաուր» ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան եւ մի­ջոց­նե­րու կա­ռա­վար­ման ռազ­մա­վա­րա­կան դպրո­ցի դա­սա­խօս Ճէյմս Քի­կըլ, Հա­րուըր­տի հա­մալ­սա­րա­նի «Ճոն Քե­նե­տի» պե­տու­թեան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու դպրո­ցի ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ծրագ­րի տնօ­րէն զօ­րա­վար Թէտ Օլսթ­րէօն եւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան Մոս­կուա­յի Մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պե­տա­կան կա­ճա­ռի Եւ­րոատ­լան­տեան անվ­տան­գու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն Փրոֆ. Ա­լեք­սանտ Նի­քի­թին։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ հան­դի­սու­թիւ­նը զու­գա­դի­պե­ցաւ Բա­նա­կի օ­րուան՝ նո­րաս­տեղծ հա­մալ­սա­րա­նի գի­տա­ժո­ղով­նե­րու դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ պար­գե­ւատր­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։

Միւս կող­մէ, Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յին մէջ, Բա­նա­կի օ­րուան՝ Հա­յաս­տա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու կազ­մա­ւոր­ման 24-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ե­րե­կոյթ մը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Սերժ-Ռի­թա Սարգ­սեան ա­մո­լը, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան հիւ­րեր։ Ե­րե­կոյ­թի ըն­թաց­քին գոր­ծադ­րուե­ցաւ գե­ղա­րուես­տա­կան յայ­տա­գիր, Սէյ­րան Օ­հա­նեանն ալ հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը։

Շաբաթ, Յունուար 30, 2016