ՓԱՐԻԶԻ ԵՒ ՄԱՐԱՔԷՇԻ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻ ԻՎ ՍԷՆ ԼՈՐԱՆԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐԸ

Փիէռ Պեր­ժէի եւ Իվ Սէն Լո­րա­նի հիմ­նադ­րա­մը կը պատ­րաս­տուի 2017 թուա­կա­նին եր­կու թան­գա­րան բա­նալ՝ Փա­րի­զի եւ Մա­րա­քէ­շի մէջ։

Ինչ­պէ՛ս սկսած է Իվ Սէն Լո­րա­նի կեան­քը նո­րա­ձե­ւու­թեան աշ­խար­հէն ներս, ինչ­պէ՛ս եւ ի՛նչ հա­ւա­քա­ծո­ներ ստեղ­ծած է ան իր բարձ­րա­րուես­տին ըն­թաց­քին, ո՛ւր փնտռած եւ գտած է ո­գեշն­չու­մը՝ այս բո­լո­րի մա­սին հնա­րա­ւոր կ՚ըլ­լայ ի­մա­նալ յա­ջորդ տա­րուը­նէ սկսեալ ձե­ւագ­ծո­ղի եր­կու նոր թան­գա­րան­նե­րուն մէջ:

Թան­գա­րան­նե­րէն մէ­կը կը բա­ցուի Փա­րի­զի, իսկ միւ­սը՝ Մա­րա­քէ­շի մէջ, ո­րու հան­դէպ Լո­րա­նի սէ­րը վա­ղուց եւ շատ քաջ յայտ­նի է:
 

Փա­րի­զի թան­գա­րա­նը կը բա­ցուի իս­կա­պէս պատ­մա­կան վայ­րի մը մէջ՝ Մար­սօ պո­ղո­տա­յի հին­գե­րորդ տան եր­դի­քին տակ։ Հոս գտնուած է նո­րա­ձե­ւու­թեան տու­նը, այ­նու­հե­տեւ տե­ղա­կայ­ուած է Փիէռ Բեր­ժէի եւ Իվ Սէն Լո­րա­նի հիմ­նադ­րա­մը: Շի­նու­թեան մէջ ար­դէն տե­ղի ու­նե­ցած են ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ. հիմ­նադ­րա­մը չի թաքց­ներ ձե­ւա­գէ­տի ժա­ռան­գու­թիւ­նը հան­րու­թե­նէն, այլ, ընդ­հա­կա­ռակն, հաճոյ­քով կը ցու­ցադ­րէ աշ­խա­տանք­նե­րը։
 

Ինչ կը վե­րա­բե­րի Մա­րո­քի թան­գա­րա­նին, ա­պա ան կը գտնուի Իվ Սէն Լո­րան փո­ղո­ցին վրայ՝ մօ­տա­կայ­քին Մա­ժո­րէլ ճե­մա­պար­տէ­զին, զոր ժա­մա­նա­կին գնած է հիմ­նադ­րա­մը։

Շաբաթ, Յունուար 30, 2016