ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ՎԻԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՍՕՐ ՇՓՈՒՄՆԵՐ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան այսօր կ՚այցելէ Թեհրան, ուր կը տեսակցի Իրանի Պաշտպանութեան նախարար Հիւսէյին Տեհքանի հետ։ Այցելութեան հիմնական նպատակն է՝ շարունակել երկու հարեւան երկիրներուն միջեւ պաշտպանութեան ոլորտի խորհրդակցութիւնները։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան նաեւ երկկողմանի եւ տարածքաշրջանային կապերու ամրապնդման վերաբերեալ նիւթեր։
Դէպի Թեհրան ուղեւորութեան ընդառաջ, Վիգէն Սարգսեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ռուսաստանի Պաշտպանութեան առաջին փոխ-նախարար Ռուսլան Ցալիքովը, որ Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ Հայոց բանակի կազմաւորման 25-ամեակին ձօնուած յոբելենական տօնակատարութիւններուն։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան առաջին փոխ-նախարար Դաւիթ Տօնոյեան։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն, Վիգէն Սարգսեան եւ Ռուսլան Ցալիքով քննարկեցին երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգի ընթացիկ հարցերուն ամբողջ ծաւալը՝ ռազմական ու ռազմաթեքնիկ ուղղութիւններով, նաեւ նախանշեցին հեռանկարային քայլերը։
Հայաստան գտնուելուն շարժառիթով Ռուսլան Ցալիքով այցելած էր նաեւ Կիւմրիի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմախարիսխը։ Հետեւաբար, Վիգէն Սարգսեանի հետ զրուցելու ընթացքին ան բազմակողմանի տեղեկութիւններ փոխանցեց՝ իր թարմ տպաւորութիւններուն լոյսին տակ։ Իր կարգին, Սարգսեանն ալ մատնանշեց, որ թէ՛ հայ-ռուսական համագործակցութիւնը եւ թէ ռուսական այդ ռազմախարիսխը կարեւոր գործօններ են՝ տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման ուղղութեամբ։
Զրուցակիցները անդրադարձ կատարեցին նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ կացութեան։ Վիգէն Սարգսեան մատնանշեց, որ հայկական կողմը պատրաստ է՝ շարունակել մարդասիրական օժանդակութիւնը դէպի Սուրիա։ Շուտով պատրաստ պիտի ըլլայ Սուրիա ուղարկուելիք մարդասիրական օժանդակութեան հերթական խմբաքանակը։
Միւս կողմէ, «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Հայկական զինեալ ուժերու յոբելեանին առթիւ Երեւանի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ալ Վիգէն Սարգսեան անդրադարձաւ Ռուսաստանի հետ համագործակցութեան։ Իր խօսքերով, ռուսական սպառազինութիւնը չի կրնար դիմագրաւել հայկական բանակի արդի զինատեսակներու ամբողջ կարիքը։ Երեւան այս ուղղութեամբ շփման մէջ է զանազան միջազգային գործընկերներու հետ, նախարարը նպատակայարմար չնկատաց մանրամասնութիւններ փոխանցելը։