ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ՝ ԴՍԵՂԻ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ԿԸ ՎԵՐԿԱՌՈՒՑՈՒԻ

Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան մէջ, Յու­նուա­րի 25-ին, Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի՝ Դսե­ղի տուն-թան­գա­րա­նի են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու շի­նա­րա­րու­թեան հա­մար հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր ստո­րագ­րուած է: Փաս­տա­թուղ­թը ստո­րագ­րած են ա­մե­րի­կա­հայ ե­րա­ժիշտ, բա­րե­րար Ա­շոտ Տիգ­րա­նեան եւ Եղիշէ Չա­րեն­ցի ա­նուան գրա­կա­նու­թեան, ա­րուես­տի թան­գա­րա­նի տնօ­րէն Կա­րա­պետ Վար­դա­նեան։

Թէեւ «Յով­հան­նէս Թու­մա­նեան-150» յո­բե­լե­նա­կան տա­րին 2019 թուա­կա­նին է, բայց յո­բե­լե­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րուն մեկ­նար­կը ար­դէն սկսած է:

Ըստ հա­մա­ձայ­նագ­րին, Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան մշա­կած նա­խա­գի­ծով եւ բա­րե­րա­րին կող­մէ յատ­կա­ցուող 8 մի­լիոն դրա­մով տուն-թան­գա­րա­նին մէջ պի­տի կա­ռու­ցուին յու­շա­նուէր­նե­րու կրպակ, սան­հան­գոյց, փոք­րիկ սրճա­րան: Թան­գա­րա­նի տա­րած­քին հա­տուած ծա­ռե­րու բու­նե­րով քան­դա­կա­գործ­նե­րը պի­տի ստեղ­ծեն թու­մա­նեա­նա­կան հե­տաքրք­րա­կան կեր­պար­ներ:

«Կը նա­խա­տե­սէինք ծրա­գի­րը ի­րա­կա­նաց­նել 2016 թուա­կա­նին: Սա­կայն խան­գա­րեց շատ ցուրտ ձմե­ռը: Բա­ցի այդ մենք կը փոր­ձէինք գտնել ա­ջա­կից­ներ, ըն­կեր, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, ո­րոնք պի­տի օգ­նէին ի­րա­կա­նաց­նե­լու այդ ծրա­գի­րը», նախ­քան հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագ­րու­մը ը­սած է Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեան: Ան ը­սած է, որ օ­դա­նա­ւին մէջ հան­դի­պած է Ա­շոտ Տիգ­րա­նեա­նին, ո­րուն հետ մօտ հինգ ժամ խօ­սած են Հա­յաս­տա­նի մշա­կու­թա­յին կեան­քի, ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու, ծրա­գիր­նե­րու մա­սին:

«Հե­տաքրք­րա­կա­նը այն էր, որ մաէսթ­րօ Ա­շոտ Տիգ­րա­նեան միան­գա­մից ար­ձա­գան­գեց մեր ծրագ­րե­րուն եւ խոս­տա­ցաւ օգ­նել Դսե­ղի թան­գա­րա­նի են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րը ստեղ­ծե­լու հար­ցին կա­պակ­ցու­թեամբ: Օգ­նել՝ ող­ղա­կիօ­րէն գան­ձատ­րել», ա­ւել­ցու­ցած է նա­խա­րա­րը: Ըստ Ար­մէն Ա­մի­րեա­նի, երբ բա­րեն­պաստ ե­ղա­նա­կա­յին պայ­ման­ներ ըլ­լան, պի­տի սկսի ծրագ­րի ի­րա­կա­նա­ցու­մը:

Ա­շոտ Տիգ­րա­նեան իր հեր­թին ը­սած է, որ օ­դա­նա­ւի մէջ հան­դի­պու­մը շատ հե­տաքրք­րա­կան էր, այդ ըն­թաց­քին նա­խա­րա­րը ծա­նօ­թա­ցու­ցած է այս նա­խա­գի­ծը: «Ե­րեք տաս­նա­մեակ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ ապ­րե­լէ յե­տոյ՝ ես ա­ռա­ջին ան­գամ այ­ցե­լե­ցի Հա­յաս­տան: Շատ յու­զիչ էր, գե­ղե­ցիկ պա­հեր ապ­րե­ցայ: Ծնած եմ Ե­րե­ւա­նի մէջ՝ Մոս­կո­վեան փո­ղո­ցի վրայ, Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի թան­գա­րա­նի դի­մաց: Վեր­ջերս ե­ղած եմ Դսե­ղի մէջ եւ ինքս տե­սած, որ ան­պայ­ման պէտք է նման ծրա­գիր ի­րա­կա­նա­ցուի: Իմ ե­րազ­նե­րէն մէ­կը ի­րա­կա­նա­ցաւ: Մեծ հա­ճոյ­քով ու պար­ծան­քով կը կա­տա­րեմ իմ խոս­տու­մը», նշած է բա­րե­րա­րը:

Արմէն Ա­մի­րեան նշած է, որ Ա­շոտ Տիգ­րա­նեան ե­րա­ժիշտ է, ոչ շատ մեծ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու տէր մէ­կը, բայց սրտով եւ հո­գիով ըն­դա­ռա­ջեց իմ ա­ռա­ջար­կին։ «Ես հա­մո­զուած եմ, որ այս ար­ձա­գան­գը վա­րա­կիչ եւ տա­րա­ծա­կան կ՚ըլ­լայ, տա­րա­ծուե­լու է այլ հայ­րե­նա­կից­նե­րու մտքե­րուն մէջ, որ, ա­յո, կա­րե­լի է փոք­րիկ ներդ­րու­մով ու­նե­նալ մեծ ար­դիւնք», ը­սաւ ան:

Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2017