ՆՈՐ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին հիւ­րըն­կա­լեց Անգ­լիոյ Վար­չա­պետ Թե­րե­զա Մէ­յը։ Հե­տաքրք­րա­կան ու կա­րե­ւոր այ­ցե­լու­թիւն մըն էր այս մէ­կը։ Թե­րե­զա Մէյ Ան­գա­րա հա­սաւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փի հետ տե­սակ­ցե­լէ ան­մի­ջա­պէս վերջ։ Այս­պէ­սով Թե­րե­զա Մէյ հանդի­սա­ցաւ այն ա­ռա­ջին օ­տա­րերկ­րեայ ղե­կա­վա­րը, որ Տա­նըլտ Թրամ­փի կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Սպի­տակ տան մէջ։ Թուր­քիոյ մէջ ալ անգ­լիա­ցի վար­չա­պե­տը պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին կող­մէ ըն­դու­նուե­ցաւ մեծ պա­տիւնե­րով։ Պեշ­թե­փէի հա­մա­լի­րէն ներս ան ըն­դու­նուե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ։ Դռնփակ տե­սակ­ցու­թիւն մըն էր այս մէ­կը, որ­մէ վերջ Թե­րե­զա Մէյ ուղ­ղուե­ցաւ դէ­պի Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քը։ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով դի­մա­ւո­րեց իր անգ­լիա­ցի պաշ­տօ­նա­կի­ցը։ Ա­րա­րո­ղու­թեան յա­ջոր­դե­ցին կող­մե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց ա­ւար­տին եր­կու վար­չա­պետ­նե­րը հան­դէս ե­կան հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սով մը։

Ըստ Ան­գա­րա­յէ հա­սած լու­րե­րուն, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան մաս­նա­ւո­րա­պէս Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Թրքա­կան կող­մը կա­րե­ւո­րեց այս ա­ռանցք­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Ան­գա­րա շեշ­տեց, որ Թուր­քիա կը փա­փա­քի տար­բեր հար­թու­թեան մը բարձ­րաց­նել իր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը՝ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան հետ։

Թե­րեր­զա Մէյ, որ ա­ռա­ջին ան­գամ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ան­գա­րա, ծաղ­կեպ­սակ մըն ալ զե­տե­ղեց Ա­թա­թիւր­քի յու­շա­դամ­բա­նին։ Պեշ­թե­փէի մէջ Էր­տո­ղան աշ­խա­տան­քա­յին ճաշ մը սար­քեց ի­րեն ի պա­տիւ։ Թէ՛ այս ճա­շը եւ թէ կող­մե­րուն զրոյ­ցը տե­ւեց շուրջ 3 ժամ 20 վայր­կեան։ Էր­տո­ղան յայտ­նեց, որ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցած են երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քը շօ­շա­փել բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով։ «Քա­ղա­քա­կան ա­ռու­մով Թուր­քիա եւ Անգ­լիա ըն­դու­նակ են հա­մա­տեղ շար­ժե­լու։ Իսկ զի­նուո­րա­կան ա­ռու­մով մշտա­պէս զօ­րակ­ցու­թեան մէջ են՝ որ­պէս ՆԱ­ԹՕ-ի ան­դամ­ներ։ Այս ձե­ւով յա­ռաջ կը տա­նինք մեր աշ­խա­տան­քը», ը­սաւ Էր­տո­ղան եւ ա­ւել­ցուց, թէ քննար­կած են յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին կա­տա­րուե­լիք գոր­ծե­րը։ Անդ­րա­դար­ձած են նաեւ պաշտ­պա­նու­թեան ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան գետ­նի վրայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­նե­րուն։

Թե­րե­զա Մէ­յի Ան­գա­րա­յի շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան նաեւ Կիպ­րո­սի հիմ­նախնդ­րի վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։ Այս քննար­կում­նե­րը ծա­ւա­լուե­ցան այն ա­ռու­մով, որ Թուր­քիա, Անգ­լիա եւ Յու­նաս­տան ե­րաշ­խա­ւոր եր­կիր­ներ են այս հիմ­նախնդ­րի պա­րա­գա­յին։

Թե­րե­զա Մէ­յի շփում­նե­րը զու­գա­դի­պե­ցան Անգ­լիոյ՝ Եւ­րո­միու­թե­նէն ել­քի ճիշդ նա­խօ­րեա­կին։ Այդ գոր­ծըն­թա­ցը պի­տի սկսի յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ­նե­րուն։ Թուր­քիա եւ Անգ­լիա այս փու­լին ո­րո­շե­ցին թափ տալ ի­րենց ա­ռեւտ­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։ Ան­գա­րա­յի եւ Լոն­տո­նի մի­ջեւ 100 մի­լիոն սթեր­լին ար­ժո­ղու­թեամբ հա­մա­ձայ­նա­գիր մըն ալ ստո­րագ­րուե­ցաւ՝ ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րու ար­տադ­րու­թեան մա­սի­ն։

Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2017