ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Վիեննայի մէջ։ Այսպէս, ան տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Աւստրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սեպաստիան Քուրցի հետ։ Աւստրիա ներկայիս ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահն է ու միեւնոյն ժամանակ՝ հիւրընկալ երկիրը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Եդուարդ Նալպանտեան եւ Սեպաստիան Քուրց քննարկեցին հայ-աւստրիական համագործակցութեան օրակարգի շարք մը հարցեր ու բարձր գնահատեցին երկկողմանի մակարդակի վրայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը։ Անոնք խորհրդանշական համարեցին, որ իրենց հանդիպումը կը զուգադիպի Երեւանի եւ Վիեննայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի յոբելեանի օրերուն։ Նախարարները գոհունակութիւն յայտնեցին այդ ժամանակահատուածէն ներս զանազան ոլորտներու մէջ երկկողմանի համագործակցութեան աշխոյժ զարգացման կապակցութեամբ։
Զրուցակիցները անդրադարձան ԵԱՀԿ-ի գործունէութեան զանազան ուղղութիւններուն վերաբերեալ հարցերու։ Նալպանտեան եւ Քուրց բարձր գնահատեցին ԵԱՀԿ-ի Երեւանի գրասենեակին գործունէութիւնը։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման կարեւորութեան շուրջ։
Նալպանտեան Վիեննայի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիէրիի հետ։ Զրուցակիցները անդրադարձան ԵԱՀԿ-ի գործունէութեան վերաբերեալ շարք մը հարցերուն։ Նալպանտեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ջանքերը։ Երկուստեք բարձր գնահատելով ԵԱՀԿ-ի Երեւանի գրասենեակին գործունէութիւնը՝ զրուցակիցները ընդգծեցին, որ այդ մէկը Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանէն ներս ԵԱՀԿ-ի միակ գրասենեակն է ու կարեւորեցին անոր գործունէութիւնը։
Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի Վիեննայի կեդրոնակայանին մէջ տեղի ունեցաւ կազմակերպութեան Մշտական խորհուրդին ժողովը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Երեւանի գրասենեակի գործունէութեան ժամկէտի երկարաձգման հարցը։ Շրջանային նախագահ Աւստրիոյ մշտական ներկայացուցիչը՝ Քլեմենս Քոյա, որ ներկայիս կը գլխաւորէ մշտական խորհուրդը, շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի՝ բացառիկ շինիչ դիրքորոշման համար։ ԵԱՀԿ-ի անդամ շարք մը երկիրներու պատուիրակութիւնները. օրինակ՝ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսաստան, Գանատա, Զուիցերիա, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութիւնը, իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին Երեւանի գրասենեակի գործունէութեան համար։
Ատրպէյճան այս ժողովին ընթացքին յայտնուեցաւ մեկուսացման մէջ։ Արդարեւ, Պաքու կը ջանայ ապահովել, որ ԵԱՀԿ-ի Երեւանի գրասենեակի գործունէութեան ժամկէտը չերկարաձգուի։ Կազմակերպութեան անդամ 56 երկիրներ կողմնակից են ԵԱՀԿ-ի Երեւանի գրասենեակի գործունէութեան ժամկէտի երկարաձգման։ Այդ 56 երկիրներուն դէմ Ատրպէյճան առանձինն դէմ արտայայտուեցաւ Երեւանի գրասենեակի պարագային։