Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ՏՈՒՊԱՅԻԻ ՄԷՋ ԿԸ ԿԱՌՈՒՑՈՒԻ ԱՄԵՆԱԳԵՂԵՑԻԿ ՓԱՐՈՍԸ
Շուայտ ապրելակերպի խորհրդանիշ համարուող Տուպայիի մէջ կ՚իրականացուի հերթական յաւակնոտ նախագիծ մը, որու շրջանակներէն ներս կը կառուցուի տարածքաշրջանի խոշորագոյն զբօսանաւերու նաւահանգիստը, ինչպէս նաեւ ամենագեղեցիկ փարոսներէն մէկը:
Նաւահանգիստը նախատեսուած է հազար չորս հարիւր զբօսանաւու համար: Մինչ անոր կից փարոսին մէջ կը գտնուի շքեղ պանդոկ մը, ինչպէս նաեւ ընդարձակ դիտահարթակ:
Յայտնի է, որ զբօսանաւերու նաւահանգիստն ու փարոսը կը կառուցուին Ճումերիահ Պիչ Ռեզիտանս եւ Փալմ Ճումերիա թաղամասերու մէջտեղը:
Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2017