21-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱԶԳԵՍՏՈՎ

Ե­րե­ւա­նի ԹՈՒ­ՄՕ ստեղ­ծա­րար ար­հես­տա­գի­տու­թեան կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ԹՈՒ­ՄՕ-ի եւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան միա­ցեալ ծրագ­րի ա­ռա­ջին գործ­նա­կան հան­դի­պու­մը:

Այս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը հայ­կա­կան բա­նա­կի զի­նուոր­նե­րուն կա­րե­լիու­թիւն պի­տի տայ ծա­ռա­յու­թեան ըն­թաց­քին ու­սա­նե­լու ԹՈՒ­ՄՕ-ի կրթա­կան ծրագ­րով: Զի­նուոր­նե­րը ձեռք պի­տի ձգեն հմտու­թիւն­ներ հա­մա­կարգ­չա­յին ծրագ­րա­ւոր­ման, մար­դա­մե­քե­նա­յի շի­նու­թեան, հա­մա­կարգ­չա­յին ձե­ւա­ւոր­ման եւ թուա­յին ե­րաժշ­տու­թեան ստեղծ­ման ո­լորտ­նե­րուն մէջ՝ այ­ցե­լե­լով կեդ­րոն­ներ շա­բա­թը եր­կու օր, տաս­նութ ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին:

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կուած են ծրագ­րի ի­րա­կա­նաց­ման ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը եւ ընտ­րուած նա­խագ­ծի սկսման օ­րը` Փետ­րուար 20-ը: Ծրագ­րի օ­դա­չու­նե­րու տար­բե­րա­կը պի­տի սկսի ԹՈՒ­ՄՕ կեդ­րոն­նե­րուն մօ­տա­կայ­քը գտնուող զօ­րա­մա­սե­րու զի­նուոր­նե­րուն հա­մար եւ սկզբնա­կան տար­բե­րա­կով պի­տի տե­ւէ ութ ա­միս: Ծրա­գի­րը յար­մա­րե­ցուած պի­տի ըլ­լայ տար­բեր կրթա­կան աս­տի­ճա­նի եւ մաս­նա­գի­տա­կան կողմ­նո­րոշ­ման զի­նուոր­նե­րուն հա­մար: Նա­խա­տե­սուած է յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րուն ծրա­գի­րը ըն­դար­ձա­կել եւ հա­սա­նե­լի դարձ­նել Հա­յաս­տա­նի բո­լոր ժամ­կէ­տա­յին զի­նուոր­նե­րուն հա­մար:

«Բա­նա­կի մէջ ծա­ռա­յե­լը յա­ճախ դա­դար կ՚են­թադ­րէ ե­րի­տա­սարդ տղա­մար­դու մաս­նա­գի­տա­կան ա­ճի ճա­նա­պար­հին՝ դպրո­ցը ա­ւար­տե­լէ ետք հա­մալ­սա­րա­նա­կան կրթու­թեան կամ աշ­խա­տան­քի անց­նե­լու փու­լին: Սա­կայն բա­նա­կա­յին պայ­ման­նե­րը ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հա­մար նաեւ իւ­րա­յա­տուկ կրթա­կան մի­ջա­վայր կը ստեղ­ծեն, ուր նուի­րուած ծա­ռա­յու­թեան եւ շե­ղող հան­գա­մանք­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թեան պայ­ման­նե­րը կրնան ու­սու­մը յատ­կա­պէս ար­դիւ­նա­ւէտ դարձ­նել: ԹՈՒ­ՄՕ-ի ճկուն եւ կի­րա­ռա­կան կրթա­կան ծրագրի ա­ռա­քե­լու­թիւնն է լրաց­նել բա­ցա­յայտ կրթու­թիւ­նը: Ստեղ­ծա­րա­րու­թիւն զար­գաց­նող եւ ար­հես­տա­գի­տու­թեան ո­լոր­տին մէջ վար­պե­տու­թիւն ձեռք բե­րե­լու խտա­ցեալ դա­սըն­թացք­ներ ա­ռա­ջար­կե­լով՝ մենք յոյ­սով ենք, որ կը նպաս­տենք բա­նա­կին մէջ ծա­ռա­յող հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն մրցու­նա­կու­թեան բարձ­րաց­ման թէ՛ ծա­ռա­յու­թեան ըն­թաց­քին եւ թէ զօ­րա­ցուե­լէ ետք: ԹՈՒ­ՄՕ-ի ծրա­գի­րը կ՚օգ­նէ բա­ցա­յայ­տե­լու ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն նե­րու­ժը, ո­րոնք այլ պա­րա­գա­յի չէին կրնար ու­նե­նալ կա­րե­լիու­թիւն գտնե­լու եւ զար­գաց­նե­լու ի­րենց հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րը՝ բա­ցա­յայտ կրթա­կան հա­մա­կար­գէն դուրս», ը­սած է ԹՈՒ­ՄՕ-ի տնօ­րէն Մա­րի Լու Փա­փա­զեան ու շարունակեց. «Մենք շատ ու­րախ ենք, որ կա­րե­լիու­թիւն ու­նինք ԹՈՒ­ՄՕ-ի ու­սում­նա­կան ծրա­գի­րը հասց­նե­լու այս ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն: Այն ու­սա­նող­նե­րը, ո­րոնք ԹՈՒ­ՄՕ յա­ճա­խած են նախ­քան զի­նուո­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը, կրնան շա­րու­նա­կել ի­րենց ԹՈՒ­ՄՕ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը՝ միա­ժա­մա­նակ ծա­ռա­յե­լով ա­ռաջ­նագ­ծի վրայ: Իսկ ինչ որ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր է, այն է, թէ զի­նուո­րա­կան ծա­ռա­յող­նե­րը, ո­րոնք նա­խա­պէս կա­րե­լիու­թիւն չեն ու­նե­ցած ԹՈՒ­ՄՕ-ի ու­սա­նող­ներ դառ­նա­լու, այժմ կրնան ձեռք բե­րել 21-րդ դա­րու հմտութիւն­ներ, բա­ցա­յայ­տել նոր հո­րի­զոն­ներ՝ ի­րենց ան­ձե­րը զար­գաց­նե­լով: Հա­մո­զուած եմ, որ ա­նոնց­մէ շա­տե­րը նոր ո­գեշն­չում կը գտնեն քա­ղա­քա­ցիա­կան կեան­քին մէջ ի­րենց ա­պա­գայ կրթու­թեան եւ աս­պա­րէ­զի կա­ռուց­ման հա­մար»:

Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2017