ԱՆԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՎԻՃԱԿ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս Ատրպէյճանի գործողութիւնները հարցադրման տակ կը դնեն իր վստահելիութիւնը՝ որպէս բանակցային կողմ։
Երէկ, Եդուարդ Նալպանտեան Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որով ամփոփեց անցեալ դիւանագիտական տարին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ նախարարին մամլոյ ասուլիսը, որու ընթացքին ան առաջնահերթօրէն անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին։ Նկատի ունենալով, որ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան տարեկան զեկոյցին մէջ տեղ գտած էր պնդում մը, ըստ որու Հայաստան նախապայմաններ առաջադրած է բանակցային գործընթացը շարունակելու համար եւ իբր թէ Հայաստանը հարկադրաբար վերադարձուցած են բանակցային սեղանի շուրջ՝ Նալպանտեան մեկնաբանեց այդ բոլորը։ Իր խօսքերով՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ Հայաստան նախապայմաններ յառաջ չէ քշած։ «Գուցէ անոնք մեկնակէտ ունին այն հանգամանքը, որ թուղթը ամօթէն չի կարմրիր եւ այս պատճառով կը գրեն այն, ինչ որ կ՚ուզեն», ըսաւ նախարարը եւ յիշեցուց, որ ատրպէյճանական կողմը կը ձեւացնէ, իբրեւ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները հայկական կողմի նախապայմաններն էին։ Նոյնիսկ Վիեննայէն յետոյ անոնք յայտնեց, թէ որեւէ պայմանաւորուածութիւն ձեռք չէ բերուած. անոնք եռանախագահ երկիրներու երեւակայութիւնն են։ Նալպանտեան ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ բոլորովին վերջերս Քրաքովի մէջ տեղի ունեցած իր եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպման։ Այդ հանդիպումէն յետոյ համանախագահները յայտարարեցին, որ նախարարները սկզբունքային համաձայնութեան հասած են ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խումբի հնարաւորութիւններու ընդլայնման վերաբերեալ։ «Կը ստացուի, որ կամ նախապայմաններ չեն եղած եւ Ատրպէյճան նորանոր վարկածներ կը յօրինէ եւ կամ եթէ նախապայմաններ եղած են, ապա Ատրպէյճան ինքն իսկ ստիպուած եղած է գալ բանակցութիւններու եւ շարունակել զանոնք նախապայմաններու շուրջ», ըսաւ նախարարը։
Երէկուան ասուլիսին ընթացքին Նալպանտեան կրկնեց, որ Հայաստանի կողմէ նախապայմաններ չեն եղած։ Գագաթաժողովներու ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու որպէս նախապայման ներկայացումը առնուազն լուրջ չէ։ Ուղղակի Ատրպէյճան ամէն հանդիպումէն յետոյ կը փորձէ ետքայլ ընել ձեռք բերուած համաձայնութիւններէն՝ գագաթաժողովներու, նախարարներու մակարդակով հանդիպումներու ժամանակ։ «2017 թուականի Դեկտեմբերին Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի նախարարական խորհուրդի շրջանակներէն ներս յիշատակեցի ինն խոչընդոտներ, որոնք Ատրպէյճանի պատճառով խնդիրներ կը ստեղծեն հիմնախնդրի կարգաւորումը յառաջ մղելու իմաստով։ Այդ ինն կէտերու մէջ յատուկ նշեցի նաեւ, որ երկիրը ետ կը մնայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններէն։ Կարեւոր է, որ անոնք յարգուին եւ իրականացուին։ Բանակցութիւններուն համար այլընտրանք չկայ։ Եռանախագահներուն հետ պիտի շարունակենք ջանքերը ուղղուած հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման», յայտարարեց Նալպանտեան։
Ասուլիսի տեւողութեան Նալպանտեան յայտնեց, որ Պաքուի յայտարարութիւններուն մէջ միշտ պէտք չէ տրամաբանութիւն փնտռել։ Այդ պարագան ի զօրու է, եթէ նոյնիսկ Ատրպէյճան կ՚օգտագործէ «տրամաբանութիւն» բառը։ Նալպանտեան այս մեկնաբանութիւնով հանդէս եկաւ՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի կողմէ վերջերս կատարուած այն յայտարարութեան, ըստ որու պէտք է անցնիլ տրամաբանական բանակցութիւններու։
«Առաջին անգամ չէ, որ ատրպէյճանցիները կ՚ըսեն այս մասին։ Սակայն ո՞ր տրամաբանութեան մասին է խօսքը։ Այն տրամաբանութեան, որով իրենք համաձայնութեան կու գան, սակայն յետոյ ետ կը կանգին համաձայնութիւններէն, ինչպէս սա տեղի ունեցաւ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ։ Այն տրամաբանութենէն, երբ իրենք կը հրաժարին եռանախագահ երկիրներու կողմէ առաջարկներէ։ Ատրպէյճանի մէջ չե՞ն զգար, որ իրենց համար վարկաբեկիչ է, որ տարիներ շարունակ մասնակցած են գործընթացի մը, որ տրամաբանութիւն չէ ունեցած։ Նախագահներու մակարդակով երկու, իսկ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով վեց տասնեակ հանդիպումներ կայացած են։ Ի՞նչ է, անոնք անտրամաբանակա՞ն եղած են։ Եթէ անտրամաբանական էին, ինչո՞ւ կու գային, ի՞նչ կը քննարկէին։ Չեմ կարծեր, թէ եռանախագահները նոյն կարծիքը ունին», ըսաւ Նալպանտեան։
Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Եդուարդ Նալպանտեան ընդգծեց, որ փոխզիջումային մօտեցումը ծրարային մօտեցումն է։ Եւ սա ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ հասկացութեան լուրջ փոփոխութիւն մըն է, որովհետեւ եռանախագահ երկիրները կը յայտարարեն, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը կրնայ լուծուիլ միայն Ղարաբաղի բնակչութեան ազատ կամքի արտայայտութեան միջոցով։
Նալպանտեանի մօտեցումը այն է, որ Ատրպէյճանի գործողութիւնները հարցականի տակ կը դնեն իր վստահելիութիւնը՝ որպէս բանակցային կողմ։ Բոլորովին վերջերս Քրաքովի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու պարագային ալ Ատրպէյճան կը շարունակէ պահել լռութիւն։