ԳԻՏԱԿԱՆ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ՈՒՂԻ
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական եզակի հանդիսութիւն մը։ Այսպէս, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստերու դահլիճի երդիքին տակ մեծարանքի ցերեկոյթ մը տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ յայտնի գիտնական Փրոֆ. Գէորգ Պարտաքճեանի ծննդեան 75-ամեակին առթիւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ակադեմիայի Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ այս ձեռնարկը։ Ամերիկահայ յայտնի հայագէտ Գէորգ Պարտաքճեան, որ միեւնոյն ժամանակ ակադեմիայի արտասահմանեան անդամներէն մին է, այս առթիւ մեծարուեցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Հաւաքոյթը միեւնոյն ժամանակ կը կրէր իր կողմէ հեղինակուած «Պատմաբանասիրական յօդուածներ» աշխատութեան շնորհանդէսի բնոյթը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ձեռնարկի սկիզբին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան։ Շնորհաւորելով յոբելեարը՝ ան նշեց, որ անուանի հայագէտը այն բացառիկ սփիւքահայ գիտնականներէն մին է, որ մշտապէս կապուած է Հայաստանի հետ եւ մեծապէս նպաստած՝ երկրի գիտակրթական համակարգի զարգացման։ Գէորգ Պարտաքճեան անգլիախօս հասարակութեան ներկայացուցած է հայոց պատմութեան ու գրականութեան վերաբերեալ աշխատութիւններ, ղեկավարած եւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է շարք մը հայագիտական միջազգային կազմակերպութիւններու, ներառեալ՝ Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ընկերակցութեան գործունէութեան։
Մեծարանքի հաւաքոյթին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ եւս բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Գէորգ Պարտաքճեանի գործունէութեան մասին։ Նախարարը ըսաւ. «Ես շատ ուրախ եմ, որ կրկին հաւաքուած ենք գիտութեան այս կաճառին մէջ՝ ներկայ ըլլալու հայագէտ, բազմաթիւ արժէքաւոր աշխատութիւններու հեղինակ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ Փրոֆ. Գէորգ Պարտաքճեանի 75-ամեակին ձօնուած ձեռնարկին եւ «Պատմաբանասիրական յօդուածներ» ժողովածոյի շնորհանդէսին։ Գէորգ Պարտաքճեանի կենսագրութիւնը եւ 75 տարիներու անցած ուղին տպաւորիչ է։ Ան կ՚անցնի Մերձաւոր Արեւելքէն դէպի Եւրոպա, այնուհետեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ լի է մասնագիտական ու յատկապէս հայագիտական ուսումնասիրութիւններով, բացայայտումներով, հայոց պատմութիւնն ու հայ գրականութիւնը աշխարհին ճանաչելի դարձնելու դժուարին առաքելութեամբ»։ Հրանոյշ Յակոբեանի կարծիքով, այս հայագիտական ուղին ստեղծուեցաւ շնորհիւ Պարտաքճեանի որոշման. գալ եւ ուսանիլ Խորհրդային Հայաստանի մէջ՝ Երեւանի Պետական համալսարանի Բանասիրական ֆաքիւլթէին մէջ, ըլլալ սանը Ջահուկեանի, Բարսեղեանի, Մկրեանի։ «Այս մեծանուն մասնագէտներու ուսանողը յետագային իր գիտելիքներով փայլեցաւ Օքսֆորտի համալսարանին մէջ՝ որպէս ուսանող, իսկ Հարվըրտի համալսարանին մէջ՝ որպէս դասախօս եւ մասնագէտ։ Այսօր ալ Միչիկընի համալսարանի ուսանողները իր շնորհիւ կը ծանօթանան հայոց, հայ գրականութեան, մշակոյթին, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պատմութեան», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան եւ բարձր գնահատելով ամերիկացի գիտնականի ներդրումը սփիւռքէ ներս հայագիտութեան զարգացման եւ մայրենի լեզուի անաղարտութեան պահպանման գործին մէջ՝ Գէորգ Պարտաքճեանը պարգեւատրեց Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետայլով։
Ակադեմիայի Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան եւս ողջունեց օրուան մեծարեալը։ Փոխանցուեցաւ նաեւ Երեւանի Պետական համալսարանի վերատեսուչ Արամ Սիմոնեանի շնորհաւորութեան խօսքը։ Վաստակաշատ հայագէտի յոբելեանը ողջունեցին Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի «Մանուկ Աբեղեան» գրականութեան կաճառի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան եւ այլ դէմքեր։
Ձեռնարկի աւարտին շնորհակալութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Գէորգ Պարտաքճեան։ Մինչ այդ, Ռադիկ Մարտիրոսեան իրեն նուիրեց յիշատակ մը։