ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ տարածքաշրջանային մեծ ուղեւորութեան մը ձեռնարկած Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ երէկ այցելեց Թուրքիա։ Իսթանպուլի մէջ ան հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու բանակցութիւններ վարեց իր հիւր պաշտօնակցին հետ։ Երկու նախարարները սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Օրուան տեւողութեան Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ ընդունեց Ճեւատ Զարիֆը՝ Չենկելգիւղի «Վահտետտին» ապարանքին մէջ։ Այս շփումներով Ճեւատ Զարիֆ եզրափակեց իր բազմակողմանի ուղեւորութիւնը, որուն ձեռնարկեց Կովկասի պարագային ստեղծուած նոր իրադրութեան եւ հեռանկարներուն լոյսին տակ։

Երեւանի աղբիւրներն ալ լայնօրէն արձագանգ հանդիսացան Իսթանպուլի երէկուան իրադարձութիւններուն։ Մեւլիւտ Չավուշօղլու նշեց, որ Թուրքիա համաձայն է ընդարձակել համագործակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հարցին շուրջ։ Ուստի, անհրաժեշտ է նպաստել հրադադարի ամրապնդման։ Թրքական կողմը կը ծրագրէ համագործակցութիւն ծաւելել 3+3 ձեւաչափով։ Այստեղ խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի մասնակցութեամբ՝ վեցերու նոր հարթակի մը ձեւաւորման։ Շեշտը դնելով հրադադարի խթանման վրայ՝ Չավուշօղլու ընդգծեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան համար պարզապէս ցանկութիւնը բաւարար չէ։ Համագործակցութեան ընդլայնման միջոցաւ անհրաժեշտ է հասնիլ կայուն հրադադարի մը։ Իր խօսքով, այս տարածքաշրջանէն ներս խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կը բխին բոլորի շահերէն։ «Սա առաւելագոյնս ձեռնտու պիտի ըլլայ Հայաստանին եւ անոր ժողովուրդին։ Հետեւաբար, մենք Հայաստանէն շինիչ քայլեր կ՚ակնկալենք այս ուղղութեամբ», ըսաւ Չավուշօղլու։ Ասուլիսի ընթացքին ան տեղեկացուց, որ նախապատրաստական աշխատանքներ սկսած են Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ ղեկավարներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպումներու կազմակերպման առաջադրութեամբ։

Իր կարգին, Ճեւատ Զարիֆն ալ յայտնեց, որ Կովկասէ ներս կայուն խաղաղութեան հաստատման համար պէտք է ստեղծուին նախադրեալներ։

Վերլուծաբաններ արդէն սկսած են ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկել Ճեւատ Զարիֆի այս շրջագայութիւնը։ Այժմ Իրան կը փորձէ նոր դեր մը ստանձնել յետպատերազմեան Կովկասէն ներս, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի ազդեցութեան գօտին դարձած է։ Ճեւատ Զարիֆի շրջագայութիւնը առայժմ Թեհրանի տեսակէտէ նոր դեր մը չէ յստակեցուցած։ Ըստ երեւոյթին, այժմու միակ նորութիւնն է, որ Իրան յարաբերաբար աւելի Ատրպէյճանին միտուած դիրքորոշում մը որդեգրած է։ Այս առումով վառ ապացոյց մը հանդիսացած է Զարիֆի կողմէ Պաքուի մէջ կատարուած աղմկարար յայտարարութիւնը. «Մենք ուրախ ենք, թէ Ատրպէյճան վերստին տիրացած է իր տարածքներուն»։

Սա Թեհրանի կողմէ նախապէս ցուցաբերուած չէզոքութեան բաղդատմամբ արդէն աւելի տարբեր ու աւելի նոր գիծ մըն է՝ միակողմանի ձեւակերպումով։

ՀԱՄԱՏԵՂ ԿԵԴՐՈՆ

Միւս կողմէ, այս օրուան դը-րութեամբ պաշտօնապէս գործել կը սկսի Թուրքիա-Ռուսաստան համատեղ զինուորական կեդրոնը, որ հաստատուած է Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարը դիտարկելու նպատակով։ Աղտամի մէջ ստեղծուած այդ կեդրոնէն ներս վաթսուն թուրք եւ վաթսուն ռուս զինուորական պաշտօնի կոչուած են՝ դիտարկում իրականացնելու համար եւ անոնց օգտագործելիք թեքնիկ միջոցներու շարքին կը գտնուին անօդաչու թռչող սարքերը։

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Նոյնպէս այսօր Մոսկուայի մէջ տեղի կ՚ունենայ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու եռակողմանի հանդիպումը։ Երեք երկիրներու ղեկավարներու կողմէ 11 յունուարին հրապարակուած համատեղ յայտարարութիւնով նախատեսուած աշխատանքային հարթակ մըն է այս մէկը, որ հետամուտ պիտի ըլլայ յետպատերազմեան իրավիճակի խնդիրներու յաղթահարման՝ մասնաւորապէս տարածքաշրջանէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ուղղեալ ջանքերուն։

Փոխ-վարչապետներու այս օր-ւան հանդիպման ընդառաջ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Լաւրով նախընթաց օր ալ զրուցած էր իր հայ պաշտօնակցին՝ Արա Այվազեանի հետ։

Հարկ է նշել, որ Լաւրով կը պատրաստուի յառաջիկայ օրերուն Մոսկուայի մէջ հիւրընկալելու Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելը, որու հետ նախատեսուած բանակցութիւններու օրակարգին վրայ կը գտնուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի իրադրութեան ապագայ կայունացման հարցը։

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021