ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ ԻՐԵՐԱՅԱՋՈՐԴ ԴԷՊՔԵՐ

Իրանէն շաբաթավերջին հասան՝ անօդաչու թռչող սարքերով կատարուած յարձակումի մը վերաբերեալ ուշագրաւ լուրեր։ Այսպէս, անօդաչուներով յարձակում մը կատարուած է Իրանի զինամթերքի գործարաններէն մէկուն վրայ՝ Սպահան քաղաքին մէջ, յունուարի 28-ի կէս գիշերին, ժամը՝ 23.30-ին։ Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը խոցած են այդ անօդաչուները։ Այսպէս, ըստ Իրանի Պաշտպանութեան նախարարութեան, սա եղած է ձախողած յարձակում մը։ Արդարեւ, հակաօդային պաշտպանութեան համակարգին կողմէ անօդաչուներէն մին ոչնչացուած է, իսկ միւս երկուքը յայտնուած են պաշտպանական ծուղակներու մէջ ու պայթած։ Դէպքին հետեւանքով տուժածներ չեն եղած, թեթեւ վնաս մը կրած է գործարանի տանիքը։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, յարձակումէն յետոյ գործարանը կը շարունակէ աշխատիլ սովորական ձեւով։

Միջազգային աղբիւրները կը մատնանշեն, որ Թեհրանի ղեկավարութիւնը մէկ կողմէ յառաջ կը տանի իր հիւլէական ծրագիրը՝ հակառակ Արեւմուտքի վերապահութիւններուն, իսկ միւս կողմէ Մոսկուային կ՚ապահովէ անօդաչուներ, որպէսզի Ռուսաստանի բանակը օգտագործէ Ուքրայնայի պատերազմին մէջ։ Դէպքը զուգադիպած է այս նոյն ժամանակաշրջանին։ Ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան մէջ մտած են զանազան տեսանիւթեր, ուր պայթումի պահէն վերջ կը նկատուին տասնեակ մեթրեր բարձրութեան հասած բոցեր։ Բաց աստի, այս յարձակումէն անմիջապէս առաջ, Իրանի հիւսիս-արեւմուտքի Թաւրիզ քաղաքին մէջ ալ հրդեհ ծագեցաւ նաւդամշակման գործարանի մը մէջ։ Հրդեհաշիջման աշխատանքները տեւեցին երկար։ Այդ գործարանը կը գտնուէր արդիւնաբերական մեծ համալիրէ մը ներս, ուր շուրջ 28 հազար հոգի կ՚աշխատի։ Այս հրդեհի պատճառներուն մասին տեղեկութիւն չէ հաղորդուած։ Յայտնի չէ նաեւ, թէ Սպահանի եւ Թաւրիզի դէպքերուն միջեւ որեւէ առընչութիւն կա՞յ, կամ ոչ։

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան Սպահանի գործարանին վրայ կատարուած յարձակումը որակեց վախկոտ։ Իր խօսքով՝ նման արարքները չեն կրնար ազդել՝ Իրանի մասնագէտներու հիւլէական ծրագիրը խաղաղ նպատակներով զարգացնելու վճռակամութեան ու մտադրութեան վրայ։ Նախարարը նշեց, որ յարձակումը Իրանի ազգի թշնամիներուն կողմէ կազմակերպուած է, սակայն որեւէ յստակ թիրախ չմատնանշեց։

Ամերիկեան զանազան աղբիւրներ հաղորդեցին, որ յարձակումը Իսրայէլի կողմէ կատարուած է։

Ինչպէս ծանօթ է, ամիսներէ ի վեր Իրանի ներքին քաղաքական կեանքը կ՚ողողուի ցնցումներով։ Ցուցարարի մը ոստիկանութեան հսկողութեան ներքեւ մահանալէն յետոյ բռնկած բողոքները ամիսներէ ի վեր կը շարունակուին։ Անցեալ շաբաթ ալ Թեհրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանութեան վրայ յարձակում մը կատարուած էր։

Հարկ է նշել, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եռօրեայ ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Մերձաւոր Արեւելք։ Շաբաթավերջին ան շփումներ ունեցաւ Եգիպտոսի մէջ, իսկ այսօր իր ծրագիրը կը շարունակուի Իսրայէլով։ Իր խօսքով՝ բոլոր տարբերակները կը քննարկուին, որպէսզի Իրան միջուկային զէնք չունենայ։

Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2023