ՈՂՋԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ

Երեւանի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ Էլ Սիսին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Թէ՛ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ թէ տարածաշրջանային հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ կարեւոր այցելութիւն մըն էր այս մէկը՝ մանաւանդ, որ Սիսի Երեւան ժամանելէ առաջ շփումներ ունեցած էր Պաքուի մէջ՝ հիւրընկալուելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան երէկ առաւօտ պաշտօնական արարողութիւնով դիմաւորեց իր պաշտօնակիցը։ Նախագահական ապարանքէն ներս տեղի ունեցաւ զինուորական շքերթ, որու աւարտին Վահանգ Խաչատուրեան եւ Ապտիւլֆեթթահ Էլ Սիսի նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, իսկ աւելի վերջ գլխաւորեցին՝ ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Բացի համատեղ մամլոյ ասուլիսէն, Վահագն Խաչատուրեան պաշտօնական ճաշկերոյթ մըն ալ սարքեց ի պատիւ հիւր ղեկավարին։ Օրուան տեւողութեան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ հիւրընկալեց Ապտիւլֆեթթահ Էլ Սիսին։ Ի լրումն այս բոլորին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Եգիպտոսի Արտաքին գործոց նախարար Սեմիհ Շիւքրիին հետ, որ Սիսիի ընկերակից պատուիրակութեան մաս կը կազմէր։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, նախարարներու զրոյցին ժամանակ օրակարգի վրայ եկած է նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։

Պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ ղեկավարները առաւել չափով շեշտը դրին երկկողմանի համագործակցութեան եւ կողմերու պատմական յարաբերութիւններուն վրայ։ Յամենայնդէպս, Վահագն Խաչատուրեան եւ Ապտիւլֆեթթահ Էլ Սիսի քննարկեցին նաեւ ընդհանուր հետաքրքրութեան առարկայ շարք մը միջազգային կամ տարածաշրջանային հարցեր՝ թէ՛ Մերձաւոր Արեւելքի եւ թէ Հարաւային Կովկասի կտրուածքով։ «Ընդգծեցի բանակցութիւններու եւ քրտնաջան աշխատանքի կարեւորութիւնը համապարփակ եւ խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար», նշեց Սիսի եւ աւելցուց, որ Եգիպտոսն ալ նոյնպէս առընչուած է տարածաշրջանային հակամարտութիւններու եւ, իր հերթին, պատրաստակամ է հնարաւոր ջանքերը ներդնել Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար։ «Ցայսօր Եգիպտոս կը շարունակէ զանազան տարածաշրջանային խնդիրներու եւ հակամարտութիւններու ականատես դառնալ եւ պէտք է արձանագրել շատ կարեւոր հանգամանք մը, թէ նախորդ դարու 70-ական թուականներէն սկսեալ Եգիպտոս ընթացաւ խաղաղ ճանապարհով եւ այդ ճանապարհին վրայ բախուեցաւ շատ մը խոչընդոտներու։ Ձեզի հետ առանձնազրոյցի ընթացքին արձանագրեցի, որ մենք Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան մէջ ունինք չէզոք դիրքորոշում եւ այս իմաստով, եթէ դուք կ՚ընդունիք մեր միջնորդութիւնը եւ կը փափաքիք, որ մենք միջնորդենք կամ նման դեր մը ստանձնենք, ապա մենք պատրաստ ենք», յայտարարեց Սիսի Երեւանի մէջ՝ Խաչատուրեանի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ։

Փաշինեան-Սիսի զրոյցի ընթացքին ալ օրակարգի վրայ եկած են Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղէն ներս ստեղծուած մարդասիրական տագնապի յաղթահարման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերը։ Վարչապետը ընդգծած է, որ սա Ատրպէյճանի կողմէ 2020 թուականի հրադադարի յայտարարութեան հերթական խախտման փաստն է։ Ան մատնանշած է միջազգային հանրութեան ուշադրութեան եւ համարժէք արձագանգի կարեւորութիւնը։ Փաշինեան եւ Սիսի կարծիքներ փոխանակած են տարածաշրջանային կամ համաշխարհային բնոյթով գործընթացներու շուրջ։

Միւս կողմէ, Սիսի Պաքուի մէջ ալ ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրած է այս կապակցութեամբ։ Իլհամ Ալիեւ յայտնած է, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է խաղաղութեան պայմանագիր մը ստորագրեն յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար։

Ան հերթական անգամ բանաձեւած է՝ Պաքուի յետպատերազմեան շրջանի մօտեցումները։ Հարաւային Կովկասի իրավիճակին շուրջ Ալիեւի հետ ծաւալած քննարկումներուն լոյսին տակ՝ Սիսին ալ Պաքուի մէջ յայտնած է հետեւեալը. «Մենք հաստատեցինք երկխօսութեան ու բանակցութիւններու կարեւորութիւնը եւ ողջախոհութեան ու իմաստութեան ձայնին առաջնահերթութիւն տալու կարեւորութիւնը՝ նկատի ունենալով, որ միայն ռազմական ուժը երբեք բաւարար չէ եղած տեւական, համապարփակ եւ արդար խաղաղութեան հասնելու համար։ Պէտք է բանակցիլ խաղաղութեան ճանապարհը ամբողջութեամբ աւարտելու եւ ժողովուրդներու համար աւելի լաւ իրականութեան ու արժանապատիւ կեանքի հասնելու համար՝ յատկապէս ներկայ փուլին, երբ ժողովուրդներու տառապանքները կրկնապատկուած են տնտեսական պատճառներով»։

Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2023