ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՄԻՇՏ ՈՒՇԱԴԻՐ

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ անմիջական ուշադրութիւն ցուցաբերել Լաչինի միջանցքի շրջափակման եւ Արցախի պաշարման նկատմամբ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտ յայտարարեց, որ Լաչինի միջանցքին շուրջ առկայ իրավիճակը կը խոչընդոտէ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի յառաջխաղացումը։

«Ամերիկայի ձայն»ի հայկական ծառայութեան տուած հարցազրոյցին մէջ բարձրաստիճան դիւանագէտը շեշտեց, որ Ուաշինկթըն աշխուժօրէն ջանքեր կը գործադրէ միջանցքի վերաբացման ուղղութեամբ։ «Մենք շատ մտահոգուած ենք Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրադրութեան շուրջ։ Մենք կը շարունակենք ներ-գըրաւուած ըլլալ եւ ճնշում գործադրել այս իրավիճակին համար», ըսաւ ան։

Բաց աստի, Քերըն Տոնֆրիտ մեկնաբանեց տարածաշրջանի իրավիճակը՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով Մոսկուայի եւ Թեհրանի աշխուժութեան։ Ան համոզուած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած այսպէս կոչուած ռուս խաղաղապահները չունին շինիչ դերակատարութիւն։ Իսկ Իրան Հարաւային Կովկասէ ներս աշխուժօրէն կը փորձէ ընդլայնել իր քաղաքական, անվտանգային ու տնտեսական դերը։

Այս բոլորի լոյսին տակ Տոնֆրիտ շեշտեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացը ԱՄՆ-ի օրակարգային հարցերէն է եւ կ՚ընդգրկէ բազմաթիւ բարդ խնդիրներու շուրջ քննարկումներ՝ ներառեալ խաղաղութեան պայմանագիրը, սահմանազատումը, երկիրներու միջեւ փոխադրութեան կապի վերաբացումը։ «Մենք պատրաստ ենք ամէն ձեւով օգնելու՝ գիտակցելով, որ խաղաղութեան հասնելու համար ծանր որոշումներ պէտք է առնուին Երեւանի եւ Պաքուի մէջ», եզրափակեց ամերիկացի դիւանագէտը։

ԱՐՑԱԽԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Միւս կողմէ, շրջափակեալ Արցախէն շաբաթավերջին շարունակեցին հասնիլ հակասական լուրեր, որոնք կը ցոլացնեն մարդասիրական իրականութեան ծանրածանր հետեւանքներուն հասած համեմատութիւնները։ Հայաստանէն դէպի Արցախ բնական կազի հոսքը դադրեցաւ ու դարձեալ վերականգնուեցաւ։ Ուժանիւթի մատակարարման յաճախակի խափանումները արդէն սարսափելի անորոշութեան մը ծնունդ տուած են՝ մինչ տարրական սնունդներն ալ կտրօններով կը յատկացուին ժողովուրդին։

Միւս կողմէ, Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ, 19 հոգի Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է՝ ընտանիքներու վերամիաւորման համար։

Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2023