ՎՐԴՈՎԵՑՈՒՑԻՉ ԲՌՆԱՐԱՐՔ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը շաբաթավերջին հրեայ ծայրայեղականներու յարձակման ենթարկուեցաւ։ Վերջին օրերուն Երուսաղէմի հայկական թաղամասէն ներս ընդհանուր առմամբ լարուածութեան մթնոլորտ կը տիրէր։ Հայ ճաշարանատէրի մը գործատեղիին՝ ծայրայեղականներու կողմէ թիրախաւորումով սկսած մտահոգիչ կացութիւնը շաբաթավերջի իրադարձութիւններով հասաւ իր գագաթնակէտին։ Արդարեւ, Ս. Ծնունդին անմիջապէս յաջորդած ներկայ օրերուն Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը ենթարկուեցաւ հրեայ ծայրայեղականներու յարձակման։

Երուսաղէմի Պատրիարքական Ս. Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ հրապարակումներով։ Այսպէս, յունուարի 28-ի ուշ երեկոյեան, երկու հրեայ ծայրայեղական Հայոց Պատրիարքարանի փողոցով դէպի «Լացի պատ» երթալու ժամանակ նախ փորձեցին խոչընդոտել երթեւեկը, ապա ճանապարհէն դուրս գալով հարուածեցին աշխատանքէ տուն վերադարձող հայ երիտասարդներու ինքնաշարժին վրայ։ Ծագած վիճաբանութենէն վերջ, այդ երկու ծայրայեղականներէն մին արցունքաբեր կազ փչած է հայ երիտասարդի աչքերուն եւ անոնց երկուքը փախուստի դիմած են։ Հայ երիտասարդները փորձած են հետապնդել այդ ծայրայեղականները, որպէսզի ոստիկանութեան յանձնեն, սակայն, արցունքաբեր կազին ազդեցութիւնը թոյլ չէ տուած եւ հայ երիտասարդը հիւանդանոց փոխադրած է իր ընկերը։ Հիւանդանոցէն վերադառնալէ վերջ, հայ երիտասարդները բողոք ներկայացուցած են ոստիկանութեան։ Ոստիկանները յայտնաբերած են այդ երկու հրեայ ծայրայեղականները ու ձերբակալած։ Անոնցմէ մին լուսաբացին ազատ արձակուած է, իսկ արցունքաբեր կազ օգտագործածը տակաւին ձերբակալուած է։

Ըստ դիւանապետ հայր սուրբին կողմէ փոխանցուած մանրամասնութիւններուն, այս դէպքէն ժամ մը անց, հրեայ ծայրայեղականներու ուրիշ խումբ մը դարձեալ «Լացի պատ» երթալու ժամանակ, Պատրիարքարանի փողոցէն անցնելու պահուն փորձած են մագլցելով բարձրանալ Հայոց Պատրիարքարանի տանիքը, ուր պարզուած են Պատրիարքութեան խաչակիր եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշակները։ Ծայրայեղականները փորձած են այդ դրօշակները հանել։ Այդ պահուն վանքին դիմաց կանգնած հայ երիտասարդները այս բոլորը նկատելով միջամտած են՝ մօտեցած ու արգիլած ծայրայեղականներուն գործողութիւնը։ Անոնք շուտով փախուստի դիմած են ու վերադարձած աւելի փոքր խումբով մը՝ այս անգամ դիմակաւորուած։ Դիմակաւոր ծայրայեղականները դարձեալ փորձած են կռիւ հրահրել, հայ երիտասարդներուն վրայ արցունքաբեր կազ փչած են եւ հայերուն հայհոյելով սկսած են փախչիլ դէպի ոստիկանութիւն։ Երբ անոնք նկատած են, որ հայ երիտասարդները զանոնք կը հետապնդեն, սկսած են բղաւել, թէ ահաբեկչական յարձակում մը կայ։ Իսրայէլի ոստիկաններն ալ կարծելով, թէ այդ ծայրայեղականներու բղաւոցները ճիշդ են՝ փակած են հայ երիտասարդներու ճանապարհը՝ զէնքերը ուղղած են անոնց վրայ, ծեծի ենթարկած անոնցմէ քանի մը հատը։ Դէպքին ժամանակ ձերբակալուած է Գէորգ Գահկէճեան, որ ոստիկանութիւն տարուած է՝ այն մեղադրանքով, թէ յարձակած է ոստիկանի մը վրայ, ինչ որ իրականութեան հետ կապ չունի։ Գէորգ Գահկէճեան գիշեր մը պահուած է ոստիկանութեան մէջ, իսկ երէկ յետմիջօրէին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի անմիջական միջամտութեամբ ու դատարանի որոշմամբ ազատ արձակուած է։ Իրեն դէմ 20-օրեայ տնային կալանք սահմանուած է եւ քանի որ Գէորգ Գահկէճեան դէպքին ժամանակ վիրաւորուած է, հայոց վանքի փաստաբանին միջնորդութեամբ ոստիկանութիւնը արտօնած է, որպէսզի անցնի բժշկական հետազօտութենէ։

Հարկ է նշել, որ վերջին օրերու անհանգիստ մթնոլորտին մէջ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքի պատերուն վրայ ալ անծանօթներու կողմէ անարգական ու սպառնալից գրառումներ կատարուած էին։

ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միւս կողմէ, Երեւանի ղեկավարութիւնը խոր մտահոգութիւն յայտնեց Երուսաղէմի մէջ Հայոց Պատրիարքարանին եւ հայերուն վրայ կատարուած յարձակումներուն բերումով։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը անհանգստութիւն արտայայտեց Երուսաղէմի մէջ քրիստոնէական հաստատութիւններու դէմ գործուած վերջին բռնութիւններուն շուրջ։ «Մենք խորապէս մտահոգուած ենք բռնութիւններու եւ վանտալիզմի վերջին գործողութիւններուն կապակցութեամբ՝ ուղղուած Երուսաղէմի քրիստոնէական կրօնական հաստատութիւններուն՝ ներառեալ Հայոց Պատրիարքարանն ու Հին քաղաքի հայ բնակիչները», նշուած է նախարարութեան բանբերի համապատասխան գրառման մէջ։

Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2023