ՈՉ ԵՒՍ Է ՆԱԽԿԻՆ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՉ ԱՆԻ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Մարսէյլի մէջ մահկանացուն կնքած է նախկին պոլսահայ կրթական մշակ եւ ֆրանսահայ վաստակաշատ համայնքային գործիչ Անի Յովսէփեան, որու կորուստը խոր սուգի մատնած է իր ընտանիքն ու սիրելիներու շրջանակը։ Բօթը արդէն կայծակնային արագութեամբ տարածուած է՝ մանաւանդ, որ իր նման շատ սիրելի եւ համակրելի անձնաւորութեան մը կորուստին պատճառ դարձած է ողբերգական դէպք մը։

Նորոգ հանգուցեալ Անի Յովսէփեան ծնած էր Իսթանպուլի մէջ։ Նախակրթարանի եւ միջնակարգի տարիներուն յաճախած էր Սաքըզաղաճի Անարատ Յղութիւն վարժարանը, ուրկէ վերջ վկայուած էր Էսաեան վարժարանէն։ Լիսէն աւարտելէ վերջ, միջոց մը յաճախած է համալսարան, սակայն, աւելի վերջ ուսման ընթացքը դրած է ուսուցչագործելու համար անհրաժեշտ հունին մէջ՝ նկատի ունենալով, որ երիտասարդ տարիքէ ունեցած է կրթական մշակ մը դառնալու ձգտումը։ Ուսուցչագործելու իրաւունքը ձեռք բերելէ վերջ պոլսահայ կրթական համակարգէն ներս անխոնջ ծառայութիւն մատուցած է։ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ ուսուցչագործութեան տարիներէն վերջ, եղած է Գալֆաեան տան տնօրէնուհի։ Շատ կարճ շրջան մըն ալ աշխատած է Գատըգիւղի երբեմնի Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ։

1980-ական թուականներու սկիզբին լուսահոգի Անի Յովսէփեան հաստատուած է Մարսէյլ, Ֆրանսա։ Երկրի հարաւի հայութեան ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս շարունակած է ծառայել անշահախնդիր ու բոլորանուէր եռանդով։ Ուսուցչագործելու առընթեր, մասնակցած է ֆրանսահայ զանազան բարենպատակ կազմակերպութիւններու գործունէութեան։ Մարսէյլի արուարձաններէն Լա Սիոթայի հայկական եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը գլխաւորած էր՝ իր առօրեային մաս դարձնելով այդ գողտրիկ սրբավայրի կանթեղը վառ պահելու պայքարը։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի պատգամաւորական ժողովին անդամ էր։ 1999 թուականի կաթողիկոսական ընտրութիւններուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնած էր՝ Ազգային-եկեղեցական ժողովի պատգամաւոր ընտրուած ըլլալով։ Այս բոլորին առընթեր, իսկական մշակութասէր մըն էր, հայ գրականութեան սիրահար մը, նաեւ ատեն-ատեն կ՚աշխատակցէր հայ մամուլին՝ ի մասնաւորի Փարիզի «Յառաջ»ին։ Ծննդավայրին հետ միշտ պահած էր իր կապը։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին ալ բարեկամներէն էր՝ մանաւանդ, որ թերթիս դարադարձի շրջանին Մարսէյլի մէջ կազմակերպուած յոբելենական հանդիսութեան կազմակերպման ուղղութեամբ ջանք թափած էր։

Թէեւ առ երեւոյթ շատերու աչքին արհեստավարժ աշխատանք մըն էր, սակայն անոր ապրած կեանքին ու դաւանած արժէքներուն տրամաբանական շարունակութիւնն էր Մարսէյլի պատմական կեդրոնին, հին նաւահանգիստի մերձակայքին՝ իր կողմէ կառավարուած «Երեւանի պարտէզ» ճաշարանը, որուն հետ նոյնացած էր։ Այդ գործը թէեւ սիրողականօրէն, սակայն մեծ նախանձախնդրութեամբ յառաջ կը տանէր։

Դժբախտաբար, Անի Յովսէփեան անցեալ շաբաթավերջին, իր բնակարանի երդիքին տակ կէս գիշերին պատահած ցաւալի ու ողբերգական դէպքի մը հետեւանքով աչքերը փակած է կեանքին՝ ետին թողելով վառ ու պայծառ յիշատակ մը, զոր իր բոլոր սիրելիներու սրտին մէջ կը մնայ յաւերժ։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Անի Յովսէփեանի բարի հոգւոյն՝ մեր անկեղծ խոնարհումը բերելով իր անթառամ յիշատակին առջեւ։ Խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք դստեր՝ Սիլվի Չարքճեանին, թոռնիկներուն, քոյրերուն, համայն ընտանեկան պարագաներուն, Էսաեանի դասընկերներուն, ինչպէս նաեւ տասնամեակներու տեւողութեան իրեն հետ համագործակցած բոլոր անձնաւորութիւններուն։

Երեքշաբթի, Յունուար 30, 2024