ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ
Սեփական լրատուութիւն.-
Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ, Փարիզի մէջ կազմակերպուած «Առաջին աշխարհամարտի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայոց ցեղասպանութիւնը. Հետազօտութեան 100 տարի» խորագրեալ գիտաժողովը շաբաթավերջին եզրափակուեցաւ Ֆրանսայի Ազգային գրադարանի մեծ դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցած նիստով։ Համապարփակ վերլուծումի մը առիթ հանդիսացաւ գիտաժողովի եզրափակիչ նիստը, զոր վարեց քաղաքագէտ ու լրագրող Կայծ Մինասեան։ Ատենախօսներն էին հեղինակաւոր պատմաբաններ՝ Ռայմոն Գէորգեան, Թանէր Աքչամ, Էրիք-Եան Զիւրքէր, Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, ինչպէս նաեւ իրաւապաշտպան Նիքոլա Քումճեան եւ հրատարակիչ Ռակըփ Զարաքոլու։
Մինչ Ռայմոն Գէորգեան հանդէս եկաւ գիտաժողովի ամփոփումով, Թանէր Աքչամ կանգ առաւ 1915-ի եւ ընկերային գիտութիւններու բնագաւառին վրայ։ Էրիք-Եան Զիւրքէր թրքական ազգայնականութեան եւ թուրանականութեան շուրջ խօսեցաւ, իսկ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի նիւթն էր՝ «Արդի ժխտողականութիւնն ու անոր պաշտպանները»։ Նիքոլա Քումճեան խորհրդածութիւններ ըրաւ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնով պայմանաւորուած հեռանկարներուն շուրջ։ Իր կարգին Ռակըփ Զարաքոլուն ալ փոխանցեց փորձառութիւնները՝ «Թուրքիոյ մէջ հայոց ցեղասպանութեան մասին հետազօտութիւն հրատարակելու» կապակցութեամբ։
Եզրափակիչ նիստէն առաջ, գիտաժողովի վերջին օրուան ծրագիրը կ՚ընդգրկէր նաեւ երեք նիստեր։ «Յիշողութիւն, փոխանցում, պատմութիւն, ժխտում» խորագրեալ նիստը վարեց Անրի Ռուսօ։ Ատենախօսներն էին՝ Մարկ Նշանեան, Այշէ Կիւլ Ալթընայ, Ալպան Փերէն, Պիւշրա Էրսանլը եւ Հիրա Քայնար։ Որպէս վիճարկող գիտական նիստին մասնակցեցաւ նաեւ պատմաբան Քլոտ Մութաֆեան։