ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ

«Եւ­րօ 2016»ի ո­րա­կա­ւոր­ման հանգ­րուա­նի մրցում­նե­րուն ծի­րէն ներս, Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ալ­պա­նիոյ հետ։ Հա­կա­ռա­կորդ մար­զա­դաշ­տի վրայ հայ­կա­կան ընտ­րա­նին պար­տու­թիւն կրեց 2-1 ար­դիւն­քով։

Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին խում­բը մրցման սկիզ­բին ա­պա­հո­վեց մեծ ա­ռա­ւե­լու­թիւն։ Տա­կա­ւին եր­րորդ վայր­կեա­նին, Եու­րա Մով­սի­սեան գրա­ւեց Ալ­պա­նիոյ դար­պա­սը։ Թէեւ կօ­լը ար­ձա­նագ­րուե­ցաւ Մով­սի­սեա­նի կող­մէ, սա­կայն Հեն­րիխ Մխի­թա­րեա­նի վար­պե­տու­թիւնն ալ ան­փո­խա­րի­նե­լի ազ­դակ մըն էր այդ ուղ­ղու­թեամբ։ Ա­ռա­ջին կի­սա­խա­ղը ա­ւար­տին հա­սաւ հայ­կա­կան ընտ­րա­նիի ա­ռա­ւե­լու­թեամբ։

Երկ­րորդ խա­ղա­կէ­սին ալ­պա­նա­կան խում­բը սաստ­կա­ցուց իր ճնշում­նե­րը՝ հա­մա­կիր­նե­րուն ալ խրա­խու­սան­քով։ Հայ­կա­կան ընտ­րա­նին կը փոր­ձէր հնա­րա­ւո­րինս ար­դիւ­նա­ւէտ պաշտ­պա­նուիլ, սա­կայն հա­շուարկ­նե­րը խախ­տուե­ցան, երբ 70-րդ վայր­կեա­նին Յով­հան­նէս Համ­բար­ձու­մեան խա­ղա­դաշ­տէն հե­ռա­ցաւ կար­միր քար­տի հե­տե­ւան­քով։ Այս հան­գա­ման­քը ար­դէն ազ­դեց խա­ղի ճա­կա­տագ­րին վրայ։ 77-րդ վայր­կեա­նին ալ­պա­նա­ցի­նե­րը հա­շի­ւը հա­ւա­սա­րե­ցու­ցին, իսկ 4 վայր­կեան վերջ ար­դէն հա­սան ա­ռա­ւե­լու­թեան։

Ա­ւագ մար­զիչ Պեռ­նար Շա­լան­տի սա­նե­րը այս ար­դիւն­քով ամ­րապն­դուե­ցան ա­ղիւ­սա­կի վեր­ջին հո­րի­զո­նա­կա­նին վրայ։ Հայ­կա­կան ընտ­րա­նին ար­դէն այ­լեւս ո­րե­ւէ յա­ւակ­նու­թիւն չու­նի իր խմբա­ւոր­ման մէջ։

Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի յա­ջորդ խա­ղը Յու­նի­սի 13-ին Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Փոր­թու­գա­լի հետ։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015