ԱՄՆ-Ի ԿՈՂՄԷ ԼՈՒՐՋ ԿՈՉ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ հան­դէս ե­կաւ ու­շագ­րաւ ու լուրջ կո­չով մը։ ԱՄՆ-ի Պաշտ­պա­նու­թեան եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րը կոչ ուղ­ղե­ցին, որ­պէս­զի Թուր­քիոյ ա­մե­րի­կեան ռազ­մա­խա­րիսխ­նե­րու անձ­նա­կազ­մին ըն­տա­նիք­նե­րը հե­ռա­նան երկ­րէն։ Փեն­թա­կո­նի այս կո­չը պայ­մա­նա­ւո­րուած է անվ­տան­գու­թեան պատ­ճառ­նե­րով։ Ին­ճիր­լի­քի, Իզ­մի­րի եւ Մուղ­լա­յի ա­մե­րի­կա­ցի զի­նուո­րա­կանն­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րէն պա­հան­ջուած է հե­ռա­նալ Թուր­քիա­յէն եւ շեշ­տուած է, թէ հա­մա­պա­տաս­խան ո­րո­շու­մը ըն­դու­նուած է Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան հետ խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րէ վերջ։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2016