ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՏՈՂԱՆ ՊՈՒՔՐԷՇ ԱՅՑԵԼԵՑ

Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան այս օ­րե­րուն Ռու­մա­նիա կ՚այ­ցե­լէ՝ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի Եւ­րո­միու­թեան հետ ներ­դաշ­նա­կեց­ման յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րուն հետ։ Օգ­տուե­լով դէ­պի Պուք­րէշ այ­ցե­լու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն՝ Սե­լի­նա Տո­ղան շփում­ներ ու­նե­ցած է նաեւ ռու­մա­նա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Տո­ղա­նի գրա­սե­նեա­կը կը տե­ղե­կաց­նէ, որ ան այ­ցե­լած է Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ռու­մա­նիոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­րան։ Սե­լի­նա Տո­ղան ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուած է Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Տա­թեւ Եպսկ. Յա­կո­բեա­նի կող­մէ։ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի հա­մա­լի­րէն ներս ան այ­ցե­լած է նաեւ թան­գա­րա­նի շէն­քը, ուր կա­տա­րած շրջայ­ցով հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցած է ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րա­ցում մը կազ­մե­լու ռու­մա­նա­հայ հա­մայն­քի խոր ան­ցեա­լին, հա­րուստ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն եւ ներ­կայ ի­րա­կա­նու­թեան շուրջ։ Այս ամ­բող­ջին մէջ Սե­լի­նա Տո­ղան վե­րա­հա­սու դար­ձած է Ռու­մա­նա­հա­յոց միու­թեան կող­մէ ծա­ւա­լուած կա­րե­ւոր գոր­ծու­նէու­թեան։

Պուք­րէ­շի մէջ Սե­լի­նա Տո­ղան տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Ռու­մա­նիոյ հա­յազ­գի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րէն Վա­րու­ժան Փամ­պուք­ճեա­նի հետ։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Սե­լի­նա Տո­ղան Թուր­քիա այ­ցե­լել հրա­ւի­րած է Վա­րու­ժան Փամ­պուք­ճեա­նը։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2016