ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆԸ ՎՃՌԱԿԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԵԱՆ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ

Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թիւ­նը վճռա­կան վե­րա­բեր­մունք ցոյց կու տայ այն գայ­թակ­ղու­թեան պնդում­նե­րուն շուրջ, ո­րոնք վեր­ջերս շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը գտնուին լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն մօտ։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, ման­կապղ­ծու­թեան վե­րա­բե­րեալ այս գայ­թակ­ղե­ցու­ցիչ պնդում­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ Սրբոց Յա­կո­բեանց վան­քէն ներս ստեղ­ծուած է մաս­նա­ւոր յանձ­նա­խումբ մը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեա­նի։ «News.am» կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ե­րու­սա­ղէ­մի Ժա­ռան­գա­ւո­րաց վար­ժա­րա­նի նախ­կին սա­նե­րէն Հրայր Ե­զէ­կէ­լեա­նը բռնա­բա­րե­լու մե­ղադ­րանք ա­ռա­ջադ­րուած է ե­րեք հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու պա­րա­գա­յին։ Յի­շեալ կայ­քէ­ջը Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քա­րա­նի իր աղ­բիւր­նե­րէն տե­ղե­կա­ցած է, թէ Հայր Խադ Վրդ. Տում­տու­րեան, ո­րու ա­նու­նը ա­ռըն­չուած է այս պնդում­նե­րուն հետ, թէեւ կը շա­րու­նա­կէ մնալ որ­պէս վա­նա­կան, սա­կայն ա­նոր լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը դադ­րե­ցուած են։ Ար­դա­րեւ, ան մին­չեւ այս գայ­թակ­ղու­թեան օ­րա­կար­գի վրայ գա­լը տե­սուչն էր Բեթ­ղէ­հէ­մի Ս. Ծննդեան վան­քին։ Իր­մէ վերջ վան­քի տե­սուչ նշա­նա­կուած է Հայր Աս­պետ Վրդ. Պա­լեան։

Տնօ­րէն ժո­ղո­վի ո­րո­շու­մով ստեղ­ծուած յա­տուկ յանձ­նա­խում­բը ներ­կա­յիս կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ ներ­քին հար­ցաքն­նու­թիւն մը։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն Ե­րու­սա­ղէ­մի Ս. Ա­թո­ռը յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս գայ այս նիւ­թին կա­պակ­ցու­թեամբ։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2016