ԼԱՐՆԱՔԱՅԻ ՄԷՋ ԶՈՀ ՉԿԱՅ

Ե­գիպ­տա­կան օ­դա­յին ըն­կե­րու­թեան ե­րէկ ա­ռե­ւան­գուած օ­դա­նա­ւին վե­րա­բե­րեալ դէպ­քը ա­ւար­տին հա­սաւ՝ բա­րե­բախ­տա­բար ա­ռանց զո­հի։ Հա­րա­ւա­յին Կիպ­րո­սի Լար­նա­քա քա­ղա­քի օ­դա­կա­յա­նը պար­տա­դիր վայ­րէջք կա­տա­րած օ­դա­նա­ւը ե­րէկ մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քի ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ օ­դա­նա­ւը ա­ռե­ւան­գուած է ե­գիպ­տա­կան հե­տա­խու­զու­թեան նախ­կին սպա­նե­րէն Սէյ­ֆէտ­տին Մուս­թա­ֆա­յի կող­մէ։ Դէպ­քի ըն­թաց­քին ան ներ­կա­յա­ցու­ցած է յա­րա­փո­փոխ պա­հանջ­ներ եւ ի վեր­ջոյ ե­ղած է անձ­նա­տուր։

Ըստ մի­ջազ­գա­յին աղ­բիւր­նե­րու, Սէյ­ֆէտ­տին Մուս­թա­ֆա կ՚ակն­կա­լէր տես­նել իր նախ­կին կո­ղա­կի­ցը, սա­կայն այս վար­կա­ծը չէ հաս­տա­տուած պաշ­տօ­նա­պէս։ Ե­գիպ­տո­սի վար­չա­պե­տը յայտ­նեց, թէ պէտք է սպա­սել հե­տաքն­նու­թեան ար­դիւն­քին։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2016