ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԱՒ MIT

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, որ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, Մա­սա­չու­սե­ցի նա­հան­գէն ներս ե­րէկ շա­րու­նա­կեց գոր­ծադ­րել իր ծրա­գի­րը, որ յա­գե­ցած էր կա­րե­ւոր հանգ­րուան­նե­րով։ Ծա­նօթ է, որ Սերժ Սարգ­սեան ԱՄՆ-ի Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի հրա­ւէ­րով վա­ղը Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ պի­տի մաս­նակ­ցի Մի­ջու­կա­յին անվ­տան­գու­թեան չոր­րորդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վին՝ աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րէն ղե­կա­վար­նե­րու հետ։ Ո­ւա­շինկ­թը­նի ծրագ­րին ձեռ­նար­կե­լէ ա­ռաջ Սերժ Սարգ­սեան Մա­սա­չու­սե­ցի մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն կ՚ու­նե­նայ շփում­ներ, ո­րոնք ու­նին ե­զա­կի նշա­նա­կու­թիւն։ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը ե­րէկ օ­րուան սկիզ­բին այ­ցե­լեց Մա­սա­չու­սե­ցի Հին Հիւ­սի­սա­յին ե­կե­ղե­ցին եւ «Հայ­կա­կան ժա­ռան­գու­թեան պու­րակ»ը։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան այ­ցե­լեց նաեւ շատ կա­րե­ւոր փոր­ձա­գի­տա­կան ու կրթա­կան կեդ­րոն­ներ։

Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ այ­ցե­լեց «Մո­տեր­նա թե­րա­փէու­թիքս» պիո­թեք­նո­լո­ժիի ըն­կե­րու­թիւ­նը, որ հիմ­նուած է 2011 թուա­կա­նին եւ գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լէ նոր սե­րուն­դի դե­ղա­մի­ջոց­նե­րու մշակ­ման բնա­գա­ւա­ռէն ներս։ Այս ըն­կե­րու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն մին է ա­մե­րի­կա­հայ հա­մայն­քի ա­մե­նա­յայտ­նի դէմ­քե­րէն մին՝ Նու­պար Ա­ֆէեան, որ ներ­կա­յիս տնօ­րէն­նե­րու խոր­հուր­դի նա­խա­գահն է։ «Մո­տեր­նա թե­րա­փէու­թիքս»ի հե­տա­զօ­տա­կան կազ­մին մէջ ներ­կա­յիս ներգ­րա­ւուած է ա­ւե­լի քան 300 աշ­խա­տա­կից։ Այս ըն­կե­րու­թիւ­նը հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րոն­ներ ու­նի Մա­սա­չու­սեց նա­հան­գին եւ Քէյմպ­րիճ քա­ղա­քին եւ Շուէ­տի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Սթոք­հոլ­մի մէջ։ Սերժ Սարգ­սեան հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ըն­կե­րու­թեան հիմ­նա­դիր Նու­պար Ա­ֆէեա­նի եւ գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Սթե­ֆան Պան­սէ­լի հետ։ Այ­նու­հե­տեւ ա­նոնց ու­ղեկ­ցու­թեամբ շրջայց մը կա­տա­րեց «Մո­տեր­նա թե­րա­փէու­թիքս»էն ներս, ծա­նօ­թա­ցաւ ըն­կե­րու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան, այն­տեղ ի գործ դրուած նոր փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րուն եւ մի­ջազ­գա­յին շարք մը դե­ղա­գոր­ծա­կան հսկայ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու եւ հե­տա­զօ­տա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն հաս­տա­տած այդ ըն­կե­րու­թեան յա­ռա­ջի­կայ ծրագ­րե­րուն։

Ա­ւե­լի վերջ Սերժ Սարգ­սեան այ­ցե­լեց Մա­սա­չու­սե­ցի Փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու կա­ճա­ռը (MIT) եւ կրթա­կան այդ հաս­տա­տու­թեան մե­տիա­յի տար­րա­լու­ծա­րա­նը։ Նա­խա­գա­հը ա­ռա­ջին առ­թիւ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ MIT-ի վե­րա­տե­սուչ Ռա­ֆա­յէլ Ռայ­ֆի հետ, ա­պա մե­տիա­յի տար­րա­լու­ծա­րա­նի հա­մա­հիմ­նա­դիր Նի­քը­լըս Նեկ­րո­փոն­թէի հետ։ Ա­ւե­լի վերջ  «Լոյս» հիմ­նադ­րա­մի կրթա­կան ծրագ­րի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ժագ­լին Գա­րաաս­լա­նեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ ան շրջայց մը կա­տա­րեց տար­րա­լու­ծա­րա­նէն ներս։ Այս բո­լո­րէն վերջ Սերժ Սարգ­սեան ա­ռաջ­նոր­դուե­ցաւ «Սամ­պերկ» հա­մա­ժո­ղով­նե­րու կեդ­րոն, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­մե­րի­կա­հայ գիտ­նա­կան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը եւ հան­դի­պում՝  «Լոյս» հիմ­նադ­րա­մի կրթա­թո­շա­կա­ռու­նե­րու ու շրջա­նա­ւարտ­նե­րու հետ։ Այս առ­թիւ Սերժ Սարգ­սեան հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը, ո­րու ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յաս­տա­նի գի­տա­կան եւ փոր­ձա­գի­տա­կան բնա­գա­ւա­ռի նուա­ճում­նե­րուն։

Նա­խա­գահ Սարգ­սեան MIT-ի մէջ ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին մաս­նա­ւոր անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց հե­ղի­նա­կա­ւոր այդ գի­տա­կան կա­ռոյ­ցի դա­սա­խօս­նե­րէն նախ­կին պո­լա­հայ Տա­րօն Ա­ճէ­մօղ­լուի նուա­ճում­նե­րուն։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ ան ը­սաւ. «Այս հաս­տա­տու­թեան վեր­ջին տա­րի­նե­րու աչ­քի զար­նող ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն մին է Տա­րօն Ա­ճէ­մօղ­լուն, ո­րու տե­սա­կան աշ­խա­տան­քը մեծ ճա­նա­չում գտաւ ա­մէ­նուր։ Իր աշ­խա­տան­քի հիմ­նա­կան փաս­տարկ­նե­րէն մին այն է, որ տնտե­սա­կան բա­րե­կե­ցու­թիւ­նը էա­պէս կա­խուած է էնս­թի­թիւ­սիո­նէլ զար­գա­ցում­նե­րէ, իսկ ա­ւե­լի յստակ՝ տնտե­սա­կան եւ քա­ղա­քա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու հա­մընդգր­կու­թե­նէն։ Այդ իսկ կա­ռոյց­նե­րու շնոր­հիւ է հնա­րա­ւոր յաղ­թա­հա­րել աղ­քա­տու­թիւ­նը եւ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը պա­տու­հա­սող միւս չա­րիք­նե­րը։ Այս փաս­տար­կի հիմ­նա­ւոր­ման մէջ մենք հա­մո­զուած ենք մեր սե­փա­կան փոր­ձա­ռու­թեան վրայ։ Շատ դժուար է ի­րա­կա­նաց­նել ո­րե­ւէ բա­րե­փո­խում, ե­թէ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ սա­սա­նած է հա­ւա­տը ար­դա­րու­թեան հան­դէպ, ե­թէ հա­սա­րա­կա­կան կա­ռոյց­նե­րը չեն ար­տա­ցո­լեր հա­սա­րա­կու­թեան իս­կա­կան իղ­ձե­րը։ Շատ դժուար է պատ­կե­րաց­նել կա­ռոյց­նե­րը այն պա­րա­գա­յին, երբ մար­դիկ չեն հա­ւա­տար ա­նոնց ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան, ի­րա­ւուն­քի գե­րա­կա­յու­թեան եւ օ­րէն­քի առ­ջեւ բո­լո­րի հա­ւա­սա­րու­թեան՝ ա­ռանց ո­րե­ւէ խտրա­կա­նու­թեան»։­

Իր խօս­քին տե­ւո­ղու­թեան Սերժ Սարգ­սեան յոյս յայտ­նեց, որ պի­տի կա­րո­ղա­նան նաեւ ի­րենց փոր­ձա­ռու­թեամբ ա­պա­ցու­ցա­նել Տա­րօն Ա­ճէ­մօղ­լուի տե­սա­կան աշ­խա­տան­քին իս­կու­թիւ­նը։ «Նաեւ յոյս ու­նիմ, որ ան ան­պայ­ման կ՚ար­ժա­նա­նայ տնտե­սա­գի­տու­թեան ո­լոր­տէ ներս Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կին՝ կրկին հռչակ բե­րե­լով այս հո­յա­կապ կա­ճա­ռին», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան MIT-ի իր ե­լոյ­թին ժա­մա­նակ։

Նա­խա­գահ Սարգ­սեան ի լրումն այս բո­լո­րին տե­ղե­կա­ցուց, թէ 2019 թուա­կա­նին կը նա­խա­տե­սուի Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րա­կա­նաց­նել տե­ղե­կա­տուա­կան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին հա­մա­ժո­ղով մը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2016