ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

Յայտ­նի հա­մայն­քա­յին բա­րե­րար Ա­րէտ Եր­կա­նեան ներ­կա­յիս պա­տուա­բեր յո­բե­լեա­նի մը ու­րա­խու­թիւ­նը եւ հպար­տու­թիւ­նը կ՚ապ­րի՝ իր ար­հես­տա­վարժ կեան­քէն ներս։ Իր կող­մէ հիմ­նադ­րուած ու գլխա­ւո­րուած «Նուր­սան­լար հոլ­տինկ»ը ներ­կա­յիս կ՚ող­ջու­նէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 60-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Այս հանգ­րուա­նը ե­րէկ ար­ժե­ւո­րուե­ցաւ հոլ­տին­կի տա­րե­կան ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վով եւ ա­նոր զու­գա­հեռ կազ­մա­կեր­պուած տօ­նա­կա­տա­րու­թեամբ։

Թուր­քիոյ գոր­ծա­րար աշ­խար­հէն ներս «Նուր­սան­լար հոլ­տինկ»ը ու­նի ե­զա­կի եւ յա­ռա­ջա­տար դիրք մը։ Ա­րէտ Եր­կա­նեա­նի եւ իր գոր­ծըն­կեր­նե­րուն, նաեւ ան­մի­ջա­կան գոր­ծա­կից­նե­րու հե­տե­ւո­ղա­կան ջան­քե­րուն շնոր­հիւ այս ըն­կե­րու­թիւ­նը յա­ռա­ջա­տար դիր­քի մը հա­սած է ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան գետ­նի վրայ։ Այս յա­ջո­ղու­թեան էա­կան հան­գա­մանք­նե­րէն մին այն է, որ ըն­կե­րու­թիւ­նը եր­կար տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր կա­յուն թա­փով պահ­պա­նած է այդ դիր­քը։

«Նուր­սան­լար հոլ­տինկ»ի ար­ձա­նագ­րած նուա­ճու­մը վեր­ջին օ­րե­րուն բարձր գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցած է Օ­թո­մո­թի­վի ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան մի­ւու­թեան (OSD) կող­մէ։ Ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան նա­խա­րար Ֆիք­րի Ը­շը­քի մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած է OSD-ի 42-րդ հեր­թա­կան ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը։ Իս­թան­պու­լի ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան պա­լա­տի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին Ա­րէտ Եր­կա­նեա­նի ըն­կե­րու­թեան յանձ­նուած է մրցա­նակ մը՝ որ­պէս տա­րուան յա­ջո­ղա­գոյն յա­րա­կից ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան կա­ռոյ­ցը։ Եր­կա­նեան մրցա­նա­կը ստա­ցած է ձե­ռամբ OSD-ի նա­խա­գահ Քուտ­րէթ Էօ­նէ­նի։ 

Այս պար­գե­ւատ­րու­մը ար­դէն ե­կած է պայ­մա­նա­ւո­րել «Նուր­սան­լար հոլ­տինկ»ի ե­րէ­կուան յո­բե­լե­նա­կան ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին մթնո­լոր­տը։ Իսկ ե­րէ­կուան հա­ւա­քոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ Շիշ­լիի «Մա­րիոթ» պան­դո­կին մէջ։ Ա­րէտ Եր­կա­նեա­նի եւ իր գոր­ծըն­կե­րոջ՝ Ալ­տօ Պրու­նօ Տա­փէիի ե­լոյթ­նե­րով սկսաւ հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րու աշ­խա­տանք­նե­րը շա­րու­նա­կուե­ցան օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան։ «Նուր­սան­լար հոլ­տինկ»ի հիմ­քե­րը դրուած են 1956 թուա­կա­նին։ Ներ­կա­յիս շուրջ հինգ հա­զար հո­գի կ՚աշ­խա­տի այս հսկա­յա­կան խմբա­կին մօտ, ո­րու տա­րե­կան գոր­ծու­նէու­թեան ծա­ւա­լը կը կազ­մէ շուրջ 1 մի­լիառ թրքա­կան լի­րա։ Իր խօս­քին մէջ Ա­րէտ Եր­կա­նեան ընդգ­ծեց, թէ խմբա­կը վստա­հու­թեամբ կը դի­տէ իր ա­պա­գան եւ միշտ գե­րա­դա­սած է իր յա­ճա­խորդ­նե­րու գո­հու­նա­կու­թիւ­նը։

Ե­րէ­կուան ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին շրջագ­ծով կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ նաեւ յո­բե­լե­նա­կան ճաշ­կե­րոյթ մը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցաւ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պետ Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ՝ իր կող­քին ու­նե­նա­լով Վազ­գէն Պա­րը­նը։ Ճաշ­կե­րոյ­թի ըն­թաց­քին Ա­րէտ Եր­կա­նեան ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց բո­լոր սե­ղա­նա­կից­նե­րը։ Ծա­փող­ջոյն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ հա­տուե­ցաւ 60-ա­մեա­կի կար­կան­դա­կը։

Հարկ է նշել, որ ներ­կա­յիս Ա­րէտ Եր­կա­նեան իր կող­մէ վեց տաս­նա­մեակ ա­ռաջ հիմ­քե­րը դրուած այս մեծ կա­ռոյ­ցը կը ղե­կա­վա­րէ իր հա­րա­զատ­նե­րուն՝ Վազ­գէն-Շէյ­տա Նա­նեան ա­մո­լին հետ, ո­րոնք եւս ի­րենց թարմ ե­ռան­դով կ՚աշ­խա­տին այս հաս­տա­տու­թեան վե­րել­քին հա­մար։ Ե­րէ­կուան յո­բե­լե­նա­կան հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին Ա­րէտ Եր­կա­նեան ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տուե­ցաւ իր հիւ­րե­րուն, նախ­կին ու ներ­կայ աշ­խա­տա­կից­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնք փո­խան­ցե­ցին յա­ջո­ղու­թեան եւ յա­րա­տե­ւու­թեան մաղ­թանք­ներ։ Ներ­կա­նե­րը նոյն­պէս բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ յղե­ցին Շէյ­տա եւ Վազ­գէն Նա­նեան­նե­րուն։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2016