ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՍՊԱՌԱԶԻՆՈՒԹԻՒՆ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Սթե­ֆան Վիզ­քոն­թի (Ֆրան­սա), Ռի­չըրտ Հակ­լընտ (Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), ինչ­պէս նաեւ շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Կասպր­չիկ ե­րէկ հան­դէս ե­կան հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը։ Ծա­նօթ է, որ ներ­կայ ամ­սուան մէջ ա­նոնք այ­ցե­լե­ցին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան՝ շփում­ներ ու­նե­նա­լով նախ Ատր­պէյ­ճա­նի, ա­ւե­լի վերջ ալ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ։ Այս շրջա­գա­յու­թեան ա­ւար­տին միջ­նորդ­նե­րը ե­րէ­կուան հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ ի­րենց տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին այ­ցե­լու­թեան հիմ­նա­կան նպա­տակն է շփման գծին եւ Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նին վրայ ի­րադ­րու­թեան մա­սին ման­րա­մասն քա­ղա­քա­կան ու ռազ­մա­կան տե­ղե­կու­թիւն ստա­նա­լը, ան­ցեալ տա­րի Վիեն­նա­յի մէջ Սեն Փե­թերս­պուր­կի գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն ըն­թաց­քին գո­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեան քննար­կու­մը, ինչ­պէս նաեւ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ յա­ջորդ քայ­լե­րու ար­ծար­ծու­մը։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, միջ­նորդ­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ հան­դի­պած են Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ­նե­րուն եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի գործ­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ։ Ա­նոնք այ­ցե­լած են նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի յա­րա­կից տա­րածք­ներ։ Հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը վե­րա­հաս­տա­տած են ի­րենց խոր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը՝ շփման գծին վրայ տե­ղի ու­նե­ցած վեր­ջին դէպ­քե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ա­նոնք կող­մե­րուն կոչ ուղ­ղած են՝ որ­պէս­զի զսպուա­ծու­թիւն ցու­ցա­բե­րեն ի­րենց հռե­տո­րա­բա­նու­թեան եւ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Նա­խա­գահ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցած են ի­րենց դիր­քո­րո­շու­մը հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու ա­ռա­ջարկ­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ՝ հրա­դա­դա­րի ամ­րապնդ­ման եւ թշնա­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հե­տա­գայ մագլ­ցու­մէն խու­սա­փե­լու շուրջ, մաս­նա­ւո­րա­պէս Նեւ­րու­զի եւ Զա­տի­կի տօ­նե­րու շրջա­նին։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ նա­խա­գահ­նե­րը յայտ­նած են ի­րենց յանձ­նա­ռու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը՝ քա­ղա­քա­կան լու­ծում գտնե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Քննար­կում­նե­րու ըն­թաց­քին հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը ար­տա­յայ­տուած են դես­պան Ան­ճէյ Կասպր­չի­կի ա­ռա­քե­լու­թեան եւ ա­նոր ընդ­լայն­ման շա­րու­նա­կա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու էա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը նաեւ շեշ­տած են ի­րենց հա­մո­զու­մը, թէ հրա­դա­դա­րի յար­գուի­լը ու­նի ծայ­րա­յեղ կա­րե­ւո­րու­թիւն բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մէջ վստա­հու­թեան մթնո­լոր­տի կա­ռուց­ման տե­սա­կէ­տէ։

Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը շու­տով պի­տի մեկ­նին Վիեն­նա՝ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ան­դամ­նե­րուն բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու նպա­տա­կով։

Ի՞ՆՉ Կ՚Ը­ՍԷ ՏԸ ՎԱԱԼ

Մինչ այդ, Կով­կա­սի հար­ցե­րու յայտ­նի մաս­նա­գէտ անգ­լիա­ցի վեր­լու­ծա­բան Թո­մաս Տը Վաալ յայտ­նեց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս նոր ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կող­մե­րու հա­մար ա­նակն­կալ չեն ըլ­լար։ Ար­դա­րեւ, ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն վերջ եր­կու կող­մերն ալ լաւ պաշտ­պա­նուած են եւ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին այս ան­գամ ա­ւե­լի մեծ լա­րուա­ծու­թիւն մը պի­տի ըլ­լայ։ «2016 թուա­կա­նը շատ վտան­գա­ւոր տա­րի մըն էր։ Ի­րա­վի­ճա­կի լար­ման հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը տա­կա­ւին կայ։ Այս տա­րին կրնայ ա­ւե­լի վտան­գա­ւոր ըլ­լալ նոր սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։ Հե­տե­ւա­բար, ան­գամ մը եւս կ՚ընդգ­ծենք, որ դի­ւա­նա­գի­տու­թեան հա­մար այ­լընտ­րանք չկայ», յայտ­նեց Տը Վաալ եւ ա­ւել­ցուց, թէ կա­րե­ւոր է մի­ջազ­գա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թեան բա­ւա­րար չա­փով ներգ­րա­ւուա­ծու­թիւ­նը։ Անհ­րա­ժեշտ է լուրջ դե­րա­կա­տար մը, որ յանձ­նա­ռու պի­տի ըլ­լայ այս աշ­խա­տան­քի ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար։ Ըստ ի­րեն, ներ­կա­յիս հիմ­նա­կան խնդի­րը ԵԱՀԿ-ի Մինս­քի ձե­ւա­չա­փի ամ­րապն­դումն է։ «Պէտք է սկսիլ վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել Ապ­րի­լի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն յե­տոյ ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը, ե­թէ չենք փա­փա­քիր, որ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը վերսկ­սի։ Միայն Ռու­սաս­տա­նը չէ, որ պէտք է լու­ծէ խնդի­րը, ե­ռա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փը շատ կա­րե­ւոր է ԱՄՆ-ի եւ Ֆրան­սա­յի հա­մար։ Սա հնա­րա­ւո­րու­թիւն մըն է, որ­պէս­զի Մոս­կուա եւ Ո­ւա­շինկ­թըն հա­մա­գոր­ծակ­ցին ար­դիւ­նա­ւէտ ձե­ւով» ա­ւել­ցուց Տը Վաալ։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ անգ­լա­ցի մաս­նա­գէ­տը մատ­նան­շեց, որ Ատր­պէյ­ճան բաց չէ հրա­պա­րա­կա­յին տե­սա­կէտ­ներ ներ­կա­յաց­նե­լու ա­ռու­մով։ Ըստ էու­թեան, տե­սա­նե­լի են պաշ­տօ­նա­կան կար­ծիք­նե­րը։ Իր խօս­քե­րով, ակն­յայտ է, որ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ մար­դիկ ի­րենց տու­նե­րուն բա­րե­կա­մա­կան մի­ջա­վայ­րին մէջ կը խօ­սին այն մա­սին, թէ չեն փա­փա­քիր ի­րենց որ­դի­նե­րուն սպան­նուի­լը։ «Հա­սա­րա­կու­թիւ­նը պէտք է հասկ­նայ, որ քա­ղա­քա­կան բա­նակ­ցու­թիւ­նը լա­ւա­գոյն մի­ջոցն է հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ճա­նա­պար­հին։ Ակն­յայտ է, որ Ղա­րա­բաղ ի վեր­ջոյ կար­գա­վի­ճակ մը պի­տի ու­նե­նայ։ Երբ ես կը խօ­սիմ ինք­նիշ­խա­նու­թեան մա­սին, ես նկա­տի ու­նիմ ան­կա­խու­թիւն կամ հա­մա­դաշ­նակ­ցու­թեան կար­գա­վի­ճակ, Ատր­պէյ­ճա­նի հետ միա­սին։ Բայց չեմ խօ­սիր Ատր­պէյ­ճա­նի կազ­մի մա­սին։ Ես չեմ կար­ծեր, թէ մենք ա­պա­գա­յին պի­տի տես­նենք Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ մը, որ Ատր­պէյ­ճա­նի մասն է։ Չեմ կար­ծեր, որ տե­ղի ու­նե­նայ այս բա­նը, թոյլ տուէք յստա­կօ­րէն նշել այս բա­նը», եզ­րա­փա­կեց Տը Վաալ։

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2017