ԱՆԳԼԻՈՅ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ԵՐՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ՄԵՐԺԵՑ BREXIT-Ի ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ

Անգլիոյ Երեսփոխանական ժողովը երէկ երրորդ անգամ մերժեց BREXIT-ի համաձայնութիւնը։ Այսպէսով անգլիացի խորհրդարանականները ճանապարհ հարթեցին, որպէսզի երկիրը ապրիլի 12-ին դուրս մնայ Եւրոմիութեան կազմէն։ Անգլիացի երեսփոխանները ձայներու 344-286 յարաբերակցութեամբ մերժեցին BREXIT-ի համաձայնութիւնը։ Նախապէս յունուարի 15-ին եւ մարտի 12-ին ալ անոնք հանդէս եկած էին նման դիրքորոշումով։

Լոնտոնի քուէարկութեան արդիւնքին անմիջապէս արձագանգեց Պրիւքսել։ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք տեղեկացուց, որ որոշած են ապրիլի 10-ին գագաթաժողով մը կազմակերպել։ Եւրոյանձնաժողովի աղբիւրներն ալ երէկուան քուէարկութենէն վերջ տեղեկացուցին, որ այլեւս հաւանական վարկած կը համարեն առանց համաձայնութեան BREXIT-ը։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, մինչեւ ապրիլի 12-ը Անգլիա պէտք է տեղեկացնէ, որ ինչպիսի ճանապարհի մը հետեւիլ կը ծրագրէ։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ԱՔ կուսակցութեան բանբեր Էօմէր Չելիքն ալ երէկուան իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ յայտնեց, որ BREXIT-ի գործընթացի մատնուած փակուղին մեծ խնդիր մըն է թէ՛ Անգլիոյ եւ թէ ԵՄ-ի տեսակէտէ։

Շաբաթ, Մարտ 30, 2019