ՄԵՒԼԻՒՏ ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԵՒ ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ ԵՐԷԿ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ԱՆԹԱԼԻԱՅԻ ՄԷՋ

Երէկ, Անթալիայի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Ռուսաստան Համատեղ ռազմավարական ծրագրաւորման խմբակի ժողովը, որու առթիւ մէկտեղուեցան երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները՝ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Սերկէյ Լաւրով։ Պելէքի զբօսաշրջութեան գօտիի պանդոկներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ ժողովը, որու ծիրէն ներս նախարարները ունեցան նաեւ առանձնազրոյց մը։ Չավուշօղլու եւ Լաւրով Անթալիայի մէջ ստորագրեցին նաեւ 2019-2020 թուականներու խորհրդակցութիւններու ծրագիրը։ Համատեղ ռազմավարական ծրագրաւորման խմբակի 7-րդ ժողովին կապակցութեամբ անոնք յայտարարութիւններ ալ ըրին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն։ Չավուշօղլու յայտնեց, որ Լաւրովի հետ ամէն առթիւ ի մի կու գան՝ արժեւորելու համար տարածքաշրջանային իրադարձութիւնները։ Ըստ Չավուշօղլուի, տարածքաշրջանային խնդիրներու շուրջ համագործակցութիւնը կողմերու միջեւ կ՚ամրապնդուի եւ սա միայն Սուրիայով կամ այլ կարգ մը երկիրներով սահմանափակուած չէ, այլեւ խորհրդակցութիւնները կ՚ընդգրկեն Մերձաւոր Արեւելքն ու Կովկասը, ներառեալ բազմաթիւ տարածքաշրջաններ։ Չավուշօղլու մատնանշեց, որ Թուրքիա-Ռուսաստան առեւտուրի ծաւալը անցեալ տարի աւելցած է 14 տոկոսով։ Սա յուսադրիչ տուեալ մըն է՝ այդ ծաւալը 100 միլիառ տոլարի մակարդակին հասցնելու նպատակի ճանապարհին։

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա դէմ է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ ընդունուած՝ Կոլանի բարձունքներու վերաբերեալ որոշման։

Այլ հարցումի մը պատասխանելով Չավուշօղլու ընդգծեց, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ Ս-400 հրթիռային համակարգերու վերաբերեալ գործարքը կը մնայ ի զօրու։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Չավուշօղլուին յիշեցուեցան այն զէնքերը, որոնք Սուրիայէ ներս կը գտնուին ԵՓԿ ահաբեկչական կազմակերպութեան ձեռքը։ Չավուշօղլու ընդգծեց, որ ամերիկեան կողմը նախ յայտնած էր, թէ այդ զէնքերը ետ պիտի առնէ։ Իսկ այժմ կ՚ըսեն, որ շարք մը զէնքերը ետ պիտի չառնեն։ «ԱՄՆ-էն հակասական բացատրութիւններ կու գան», ըսաւ Չավուշօղլու եւ աւելցուց, որ Սուրիայէ ներս բախումներէ զերծ՝ անվտանգ գօտիներ ստեղծելու ուղղութեամբ Թուրքիա կ՚աշխատի թէ՛ ԱՄՆ-ի եւ թէ Ռուսաստանի հետ։ «Ակնյայտ է, որ Թուրքիա եւ Ռուսաստան հաւատարիմ կը մնան Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան։ ԱՄՆ-ի Սուրիայէն ետ քաշուելու որոշումէն վերջ ի յայտ եկած է, որ գործնական յստակ ծրագիր մը գոյութիւն չունի», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու։

Երէկուան ժողովը նախորդեց Թուրքիա-Ռուսաստան Բարձր մակարդակի ռազմավարական խորհուրդի ժողովին, որ ապրիլի 8-ին տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ։ Այդ ժողովը պիտի գլխաւորեն երկու երկիրներու նախագահները՝ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին։

Շաբաթ, Մարտ 30, 2019