ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՆ ՈՒ ՓՈԽԱՆՑԵՑԻՆ ԴՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հանդիպում մը ունեցան Վիեննայի մէջ, ուր որոշեցին շարունակել ուղիղ երկխօսութիւնը։ Ցայսօր Փաշինեան եւ Ալիեւ Տուշանպէի, Սեն Փեթերսպուրկի եւ Տաւոսի մէջ հանդիպումներ ունեցած էին միջազգային զանազան համաժողովներու շրջանակներէն ներս։ Երէկուան հանդիպումը, որ կազմակերպուած էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու նախաձեռնութեամբ, երկու ղեկավարներու առաջին ուղղակի հանդիպումն էր։ Վիեննայի «Պրիսթոլ» պանդոկէն ներս բանակցութիւնները տեւեցին ընդհանուր առմամբ 3 ժամ 15 վայրկեան։ Առաջին հերթին Փաշինեան եւ Ալիեւ մէկտեղուեցան՝ ներկայութեամբ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի։ Այդ փուլին ներկայ էին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ։ Հանդիպման սկիզբի այս ընդլայնուած կազմով խորհրդակցութենէն վերջ, Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ առանձնացան շուրջ 2 ժամ։ Ղեկավարներու առանձնազրոյցի աւարտին խորհրդակցութիւնը միջոց մը եւս շարունակուեցաւ վերոյիշեալ ընդլայնուած կազմով։ Եւ այսպէսով ընդհանուր առմամբ 3 ժամ 15 վայրկեան տեւեց Փաշինեան-Ալիեւ ուղղակի հանդիպումը։ Քննարկումներու առանցքը կազմեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի այժմու փուլն ու հեռանկարները։ Պաշտօնական աղբիւրները բաւական սահմանափակ հրապարակումներ ըրին երէկուան բանակցութիւններուն կապակցութեամբ։ Վիեննայի «Պրիսթոլ» պանդոկէն դուրս գալու ժամանակ Նիկոլ Փաշինեանին հարց մը ուղղեց ԹԱՍՍ ռուսական գործակալութեան թղթակիցը։ Թէ ի՞նչպէս կը գնահատէր Հայաստանի վարչապետը երէկուան հանդիպումը։ Ինքնաշարժ մտնելէ առաջ Փաշինեան միայն մէկ բառով պատասխանեց ռուս լրագրողի հարցման. «Նորմալ»։

Ֆրանսացի համանախագահ Սթեֆան Վիզքոնթի երէկուան հանդիպումէն անմիջապէս վերջ հանդէս եկաւ հակիրճ յայտարարութիւնով մը։ «Երկար, բովանդակալից եւ արդիւնաւէտ կը գնահատեմ հանդիպումը, որ ղեկավարներուն հնարաւորութիւն տուաւ ներկայացնելու իրենց տեսակէտները։ Յաջորդ հանդիպման մասին պիտի տեղեկացնեն վարչապետն ու նախագահը», ըսաւ Վիզքոնթի։

Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հանդիպման կապակցութեամբ Նիկոլ Փաշինեան որոշ բացատրութիւններ տուաւ երէկ երեկոյեան Վիեննայի մէջ Աւստրիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպման ժամանակ։ «Սկսած է գործընթաց մը, որ հնարաւորութիւն կու տայ խօսելու օրակարգերու մասին», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վարչապետը ըսաւ հետեւեալը.

«Չեմ կրնար ըսել, որ բանակցային գործընթացէն ներս տեղի ունեցած է ճեղքում, յեղափոխութիւն, դարակազմիկ շրջադարձ մը կամ իրադարձութիւն մը, բայց շատ կարեւոր է, որ սկսած է գործընթաց մը, որ հնարաւորութիւն կու տայ խօսիլ մեր օրակարգերու, պատկերացումներու, խնդիրներու մասին։ Խօսիլ այն գործընթացներու մասին, որոնց շուրջ առիթ ունեցայ յայտարարել Ստեփանակերտի մէջ եւ յետագային արդէն իմ ասուլիսի ընթացքին։ Այսօրուան հանդիպումը դրական կը գնահատեմ։ Յոյս ունիմ, որ նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ հանդիպումը կը գնահատէ դրական»։

Իր տուած բացատրութիւններուն ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ հանդիպման դրական գնահատականը չի նշանակեր հանդիպման կամ խօսակցութեան ընթացքին ոեւէ մէկուն յաղթանակը կամ պարտութիւնը։ «Մինչեւ հիմա շատ ընդունուած եղած է այդպիսի տրամաբանութեամբ մօտենալ խօսակցութիւններուն ու փորձել գալ այն եզրակացութեան, թէ հանդիպման ժամանակ ո՛վ յաղթած է եւ ով պարտուած։ Այս խօսակցութեան կարեւոր առանձնայատկութիւնը այն է, որ խնդիր չէ դրուած դուրս գալ եւ յայտարարել, թէ ես յաղթեցի եւ դիմացինը պարտուեցաւ։ Սկսած է խօսակցութիւն եւ այդտեղ բնականաբար կողմերէն իւրաքանչիւրը ունի իր պատկերացումները։ Այս հակամարտութիւնը ունի շատ խոր արմատներ եւ առաջին հերթին ամենակարեւորն է արձանագրել, որ մենք կը հասկնանք, թէ գործ չունինք պարզ իրավիճակի մը հետ։ Սա լուրջ խնդիր է, շատ խոր հարց է», աւելցուց Նիկոլ Փաշինեան։

Այս յայտարարութիւնը ընելու ժամանակ Փաշինեան տակաւին տեղեակ չէր Իլհամ Ալիեւի կողմէ փոխանցուած գնահատականին։ Ուստի, ան նշեց. «Յոյս ունիմ, թէ մեր գնահատականները տեսանելիօրէն եւ շօշափելիօրէն իրարմէ չեն տարբերիր»։

Փաշինեան կարեւոր համարեց, որ ստեղծուի մթնոլորտ մը, ուր կարելի ըլլայ բարձրաձայնել, թէ կողմերը ինչ կը մտածեն։ Ան շարունակեց. «Կարողանանք խօսիլ, հասկնալ, կրնա՞նք արձանագրել, որ խօսելու մէջ որեւէ վնասակար բան չկայ։ Կրնա՞նք խօսիլ այնպէս, որ հիմքին մէջ չըլլայ իրար վնասելու կանխավարկածը։ Կրնա՞նք արդեօք ջանքեր գործադրել, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին, շփման գծին վրայ ըլլայ կայուն իրավիճակ։ Կրնա՞նք սկսիլ խօսակցութեան, որպէսզի սահմանի վրայ գտնուող գիւղերուն մէջ փորձենք այնպէս մը ընել, որ մարդիկ ապրին բնականոն կեանքով, զբաղին գիւղական աշխատանքով՝ առանց մտահոգուելու, որ դիպուկահարները կրնան զիրենք ոչնչացնել։ Պէտք է հասկնալ՝ մենք կրնա՞նք արդեօք մտածել, թէ ի՞նչ մարդասիրական երեսակներ կան, որոնք կրնանք քննարկել։ Կան երկու կողմերու քաղաքացիներ եւ պէտք է հասկնալ, կրնա՞նք փորձել ընտանիքներու հետ հանդիպումներ կազմակերպել, որպէսզի այդ մարդիկ իրենց ընտանիքներու անդամներուն հետ շփուելու հնարաւորութիւն ունենան։ Կրնա՞նք արդեօք յանձնարարել մեր արտաքին գործոց նախարարներուն, որպէսզի անոնք շարունակեն այս խօսակցութիւնը՝ հասկնալու համար խնդրի էութիւնը։ Բայց նաեւ պարզ է, որ ամէն մէկս ունինք մեր դիրքորոշումները, որոնց մէջ խորապէս համոզուած ենք, բայց կրնա՞նք փորձել խօսիլ նաեւ դիմացինի դիրքորոշման մասին։ Ի՞նչ է, որ տրամաբանական է դիմացինի դիրքորոշման մէջ, կամ ոչ։ Ահա այս իմաստով ես դրական կը համարեմ հանդիպումը»։

Հայաստանի վարչապետի գրասենեակն ալ երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց Վիեննայի տեսակցութեան կապակցութեամբ։ Այս առթիւ մատնանշուեցաւ, որ հանդիպումը անցած է շինիչ մթնոլորտի մը մէջ։ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ վկայակոչած են Տուշանպէի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, կարեւորած են հրադադարի ամրա-պընդման ուղղութեամբ քայլերու իրականացումը եւ ուղիղ հաղորդակցութեան միջոցներու բարելաւումը։ Ղեկավարները ընդգծած են բանակցային գործընթացի համար բարենպաստ մթնոլորտի ձեւաւորումը եւ այդ ուղղութեամբ շօշափելի քայլերու իրականացման կարեւորութիւնը։ Փաշինեան եւ Ալիեւ համաձայնած են իրականացնել շարք մը մարդասիրական միջոցառումներ։ Երկու ղեկավարները արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնարարած են՝ հանդիպիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ, համաձայնած ըլլալով երկխօսութեան շարունակման ուղղութեամբ։

Երէկուան հանդիպումէն վերջ Իլհամ Ալիեւն ալ յայտնեց, որ բանակցային գործընթացին նոր մեկնարկ մը տրուած է։ «Հայաստանի հետ բանակցային գործընթացի ձեւաչափը կը մնայ անփոփոխ, բանակցութիւններուն մէջ կը նկատուի յառաջընթաց», յայտնեց Իլհամ Ալիեւ պատասխանելով ԹԱՍՍ գործակալութեան հարցումներուն։ Վիեննայի երէկուան հանդիպումէն վերջ Ալիեւ նշեց, որ բանակցային գործընթացը պէտք է ամրապնդուի նաեւ մարդասիրական շարժումներով։ «Կարեւորը այն է, որ բանակցութիւններու ձեւաչափը մնացած է անփոփոխ. բանակցութիւնները կ՚ընթանան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, ինչպէս որ էր նախապէս։ Բանակցային գործընթացին նոր թափ տրուած է։ Մենք դրական կը գնահատենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու մարտի 9-ի յայտարարութիւնը, ուր կ՚ըսուէր, որ բանակցային ձեւաչափի փոփոխութիւնը հնարաւոր է միայն երկու կողմերու համաձայնութեան պարագային։ Պաքու համաձայնութիւն չէ տուած այս բանին։ Մենք վերադարձած ենք այն իրավիճակին, երբ անհրաժեշտ է վարել առարկայական բանակցութիւններ։ Յանձնարարականներ տրուած են արտաքին գործոց նախարարներուն, որոնք, ամենայն հաւանականութեամբ, յառաջիկային պիտի հանդիպին բանակցային գործընթացը շարունակելու համար։ Բանակցային գործընթացը պէտք է ուղղուած ըլլայ արդիւնքի մը ստացման», նշեց Իլհամ Ալիեւ։

Մանրամասնելով Փաշինեանի հետ երէկ ունեցած զրոյցը՝ Ալիեւ ըսաւ, որ բանակցութիւնները ընթացած են շինիչ մթնոլորտի մը մէջ։ Ան նշեց. «Մենք դրական կը գնահատենք բանակցութիւնները։ Անոնք շինիչ մթնոլորտի մը մէջ ընթացած են։ Երկարատեւ դադարէ վերջ սա Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդներու առաջին պաշտօնական հանդիպումն էր։ Նախորդ հանդիպումները կը կրէին առաւել չափով ճանաչողական բնոյթ ու տեղի կ՚ունենային միջազգային հանդիպումներու շրջանակներէն ներս։ Արտաքին գործոց նախարարներն ալ ունեցած են քանի մը բանակցային հանդիպումներ։ Հանդիպումը կարեւոր է, որովհետեւ խնդրի էութեան շուրջ բանակցային գործընթացի նոր սկիզբ տրուած է։ Մենք  կը քննարկէինք վստահութեան ամրապնդման մասին հարցերու մարդոց միջեւ անմիջական շփման շրջանակներէն ներս։ Նախապէս հասարակութեան ներկայացուցիչներու միջեւ եղած են շփումներ։ Տակաւին վաղ է խօսիլ մարդասիրական միջոցառումներու մասին»։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներն ալ Վիեննայի երէկուան հանդիպումէն վերջ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Անոնք եւս վկայեցին, թէ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը անցած է դրական ու շինիչ մթնոլորտի մը մէջ։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ հանդիպումը հնարաւորութիւն ընձեռած է երկու ղեկավարներուն՝ պարզաբանելու համար իրենց դիրքորոշումը։ Անոնք կարծիքներ փոխանակած են կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ շարք մը հիմնական հարցերու շուրջ։

«Երկու առաջնորդները ընդգծեցին խաղաղութեան նպաստող միջավայրի ստեղծման եւ բանակցային գործընթացէ ներս յետագայ յստակ եւ զգալի քայլերու ձեռնարկելու կարեւորութիւնը՝ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու նպատակով։ Վերյիշելով իրենց Տուշանպէի զրոյցը՝ առաջնորդները հաստատած են իրենց հաւատարմութիւնը հրադադարի ամրապնդման եւ անմիջական շփման դրոյթներու բարելաւման նկատմամբ։ Անոնք համաձայնած են նաեւ մարդասիրական ոլորտէ ներս շարք մը գործընթացներ զարգացնել։ Վարչապետն ու նախագահը հրահանգած են իրենց նախարարներուն կրկին հանդիպիլ համանախագահներու հետ մօտաւոր ապագային։ Անոնք համաձայնած են նաեւ շարունակել ուղիղ երկխօսութիւնը», նշուած է եռանախագահներու համատեղ յայտարարութեան մէջ։

Շաբաթ, Մարտ 30, 2019