ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ԿԱՅԱՆԱՆ ՏԵՂԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Վաղը բովանդակ Թուրքիոյ մէջ նախատեսուած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ։ Թէ՛ իշխանութեան եւ թէ ընդդիմութեան տեսակէտէ այս փուլը կը խորհրդանշէ կարեւոր փորձաքար մը։ Թէեւ զուտ տեղական նշանակութիւն ունին այս ընտրութիւնները, սակայն գաղտնիք մը չէ, որ յաճախ տեղական ընտրութիւններու արդիւնքները ծնունդ կու տան քաղաքական կլիմայի փոփոխութեան։ Ուստի, վաղուան ընտրութիւններու արդիւնքին կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։

Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի պաշտօնի պարագային մրցակցութեան մէջ են «Ճումհուր» դաշինքի թեկնածու Պինալի Եըլտըրըմ եւ «Միլլէթ» դաշինքի թեկնածու Էքրէմ Իմամօղլու։ Քաղաքի հայաբնակ շրջաններու պարագային կ՚ընթանայ բուռն մրցակցութիւն։ Այդ ամբողջին մէջ առաւել ուշագրաւն է Շիշլին, ուր քաղաքապետի պաշտօնին վերադառնալու լուրջ հաւանականութիւն ունի Մուսթաֆա Սարըկիւլ։

Շաբաթ, Մարտ 30, 2019