ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱԿԱՆ ԿՈՐՈՒՍՏ

Քորոնաժահրի համաճարակը հայաշխարհէն խլեց շատ յայտնի անուն մը։ Հայութիւնը խորհրդանշական կորուստ մը ունեցաւ համավարակի մթնոլորտին մէջ. ոչ եւս է ֆրանսահայ հեղինակաւոր պետական-քաղաքական գործիչ Փաթրիք Տէվէճեան։

Անցեալ շաբթուան մէջ ֆրանսական աղբիւրները արձագանգ հանդիսացած էին Փաթրիք Տէվէճեանի քորոնաժահրով վարակուած ըլլալուն։ Ան անմիջապէս առնուած էր դարմանման տակ։ Քանի մը օր վերջ Փաթրիք Տէվէճեան անձամբ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկած էր յայտարարութիւնով մը՝ տեղեկացնելով, որ իր դարմանումը կ՚ընթանար բարեյաջող։ Այդ գրառումներէն անմիջապէս վերջ, սակայն, Փաթրիք Տէվէճեանի առողջական վիճակը յանկարծ վատթարացաւ եւ 28-29 մարտի կէս գիշերին կնքեց իր մահկանացուն՝ խոր յուզում յառաջացնելով  ֆրանսական քաղաքական շրջանակներէ ներս եւ իսկապէս սուգի մատնելով համայն հայաշխարհը։ 75-ամեայ Փաթրիք Տէվէճեանի կորուստը ֆրանսական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն վրայ արձագանգ գտաւ կայծակնային արագութեամբ։ Ֆրանսական բոլոր հեռուստակայանները առաջնահերթօրէն անդրադարձան Տէվէճեանի կորուստին, մինչ բօթը գուժեցին նաեւ ֆրանսական հեղինակաւոր բոլոր թերթերը՝ կայքէջերուն միջոցաւ։ Ամուսնացած, չորս որդիներու տէր Փաթրիք Տէվէճեան ամբողջ Եւրոպայի մէջ կը համարուէր հայազգի ամենաազդեցիկ գործիչներէն մին։

Արմատներով թրքահայ Փաթրիք Տէվէճեանի մեծ հայրը՝ հոգելոյս Գարեգին Տէվէճեան զանազան պաշտօններ զբաղեցուցած էր Օսմանեան պետական-դիւանակալական համակարգէն ներս։ Թէեւ աւելի կարեւոր պաշտօններու ալ կոչուած էր, սակայն ան առաւել չափով ծանօթ է՝ որպէս Պոլսոյ ձկնարանի երբեմնի տնօրէն։ Այդ պաշտօնին զուգահեռ գրի առած է նաեւ համապատասխան գիրք մը (Ծ.Խ.- Թարգմանութիւնը լոյս տեսած է «Արաս» հրատարակչութենէն)։ Տէվէճեան ընտանիքը 1915-էն վերջ հաստատուած է Ֆրանսա։ Գարեգին Տէվէճեանի որդին՝ Ռոլան Տէվէճեան 1944 թուականի օգոստոսին բախտաւորուած էր որդիով մը. յանձին՝ Փաթրիք Տէվէճեանի։ Տարրական կրթութիւնը Մխիթարեան հայրերու Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանին մէջ առնելէ վերջ, Փաթրիք Տէվէճեան ստացած է իրաւաբանութեան բարձրագոյն կրթութիւն։ Որպէս փաստաբան երիտասարդ տարիքէ սկսեալ եղած էր յաջող եւ գրաւած՝ ուշադրութիւն։ Զուգահեռաբար ներգրաւուած էր նաեւ ֆրանսական քաղաքական կեան-քին։ Իր համոզումները զինքը առաջնորդած էին դէպի Ֆրանսայի աջակողմեան շրջանակները։ Տասնամեակներ առաջ ծանօթացած էր երկրի նախկին նախագահներէն Ժագ Շիրաքի հետ, որ երիտասարդ փաստաբան Փաթրիք Տէվէճեանին վստահած էր իր շարք մը դատերը։ Փաթրիք Տէվէճեան որպէս իրաւաբան շուրջ երկու տասնեակ դատավարութիւններու մէջ պաշտպանած էր Ժագ Շիրաքի շահերը եւ այդ դատերէն որեւէ մէկը չէր կորսնցուցած։

Յաջորդող տասնամեակներուն յարատեւ վերելք ունեցած էր ֆրանսական քաղաքական կեանքէն ներս։ Երիտասարդութեան տարիներէն սկսեալ բարեկամացած էր նաեւ Ֆրանսայի նախկին նախագահներէն Նիքոլա Սարքոզիի հետ։ Քաղաքական գործունէութեան տեւողութեան իր ճանապարհը խաչաձեւուած էր նաեւ Ֆրանսայի նախկին վարչապետներէն Էտուար Պալատիւրի հետ, որ եւս ունի հայկական արմատներ։

Այս բոլորէն վերջ Փաթրիք Տէվէճեան անխափան զբաղեցուցած էր շատ կարեւոր պաշտօններ։ Երկար տարիներ եղած էր Փարիզի արուարձաններէն Անթոնիի քաղաքապետը։ Նախագահ Ժագ Շիրաքի եւ նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի պաշտօնավարութեան տարիներուն ստանձնած էր նախարարի պաշտօններ։ Քանիցս ընտրուած էր երեսփոխան։ Իսկ վերջին տարիներուն Օ-Տը-Սենի բաժանմունքի Շրջանային խորհուրդի նախագահն էր։ Այս պաշտօնն ալ կը զբաղեցնէր երկար տարիներէ ի վեր։ Հարկ է նշել, որ այդ բաժանմունքը կ՚ընդգրկէ Փարիզն ու ամբողջ շրջակայքը եւ ֆրանսական տեղական ինքնակառավարման մարմիններու շարքին կը համարուի առանձնայատուկ կէտ մը՝ ընդգրկելով մայրաքաղաքը եւ տնօրինելով հսկայական պիւտճէ մը։ Ֆրանսայի վերջին տարիներու պետական բոլոր ծանօթ դէմքերը երէկ տողանցեցին ֆրանսական լրասփիւռներու վրայ՝ սգալով Փաթրիք Տէվէճեանի մահը։ Ընկերային ցանցերու վրայ ալ կատարուեցան համապատասխան գրառումներ։ Անոնց շարքին էին երկրի նախորդ երկու նախագահները՝ Նիքոլա Սարքոզի եւ Ֆրանսուա Օլանտ, նախկին վարչապետներէն Ժան-Փիէռ Ռաֆարէն եւ այլք։

Փաթրիք Տէվէճեան իր գործունէութեան ողջ տեւողութեան եղած էր հայ-ֆրանսական բարեկամութեան ջատագովը։ Ան անփոխարինելի նպաստ մը բերած էր Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններու զարգացման։ Իր գլխաւորած Օ-Տը-Սենի բաժանմունքի Նահանգային խորհուրդը մասնաւոր պայմանագիր մը ստորագրած էր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղին հետ։ Այդ համաձայնութեան շնորհիւ Հայաստանի սահմանակից Տաւուշի մարզին համար կը յատկացուէին միջոցներ։ Գիւղատնտեսութեան զարգացման եւ ենթակառուցուածքներու բարելաւման նպատակներուն կը յատկացուէին այդ միջոցները, ինչ որ կարեւոր նշանակութիւն ունէր երկրին տեսակէտէ։ Աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրէն վերջ կարեւոր կերպար մըն էր հայ-ֆրանսական բարեկամութեան խթանման տեսակէտէ։

Ի լրումն այս բոլորին, Փաթրիք Տէվէճեան եղած էր հայկական հարցին վերաբերեալ առանցքային դերակատար մը։ Եւրոպահայ սփիւռքի ամենաաշխոյժ դէմքերէն մին էր։ 1915-ի դէպքերու Ֆրանսայի մէջ օրէնքով որպէս ցեղասպանութիւն ճանաչման ուղղութեամբ Փաթրիք Տէվէճեանի կողմէ տարուած աշխատանքին բնոյթը ճակատագրական էր։ Յաջորդ քայլափոխին աշխատանք կը տանէր նաեւ ուրացման դէմ պատժամիջոցներու սահմանման համար։ Նկատի ունենալով հայկական եւ թրքական կողմերու պատմական հարցերու շուրջ իրերամերժ, խորապէս անհաղորդ եւ բացարձակ հակադիր դիրքորոշումները՝ Փաթրիք Տէվէճեան դարձած էր կերպար մը, որ միանշանակ ժխտական էր Թուրքիոյ համար։ Թրքական պետական-դիւանագիտական շրջանակները ծայր աստիճան բացասական կը համարէին Փաթրիք Տէվէճեանի գործունէութիւնը, մինչ հանրային կարծիքը զինքը կը ճանչնար՝ որպէս «ԱՍԱԼԱ-ի փաստաբան»։ Ան ըստ իր համոզումներուն մէկ կողմէ կը ջանար պաշտպանել իր պատկանած ժողովուրդի արդարութիւնը, դատը, իսկ միւս կողմէ՝ մետայլի միւս երեսակին, անխուսափելիօրէն, այդ դատի միւս կողմին տեսակէտէ դարձած էր անբաղձալի անձ մը։ Յամենայնդէպս, վերջին շրջաններուն կարգ մը թուրք լրագրողներու ալ հարցազրոյցներ տուած էր։

ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Փաթրիք Տէվէճեանի մահուան կապակցութեամբ ցաւակցականներ հրապարակեցին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան եւ այլք։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Տէվէճեանի որդիներէն Թոմա Տէվէճեանի հետ։

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանն ալ հրապարակեց ցաւակցական մը։ ՀԲԸՄ-ի Ֆրանսայի մասնաճիւղն ալ ցաւով արձագանգեց Փաթրիք Տէվէճեանի կորուստին։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020