ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ ՏԱՅՔ ՏԱՆՁԻԿ İFSAK-Ի ՆԱԽԱԳԱՀ ԸՆՏՐՈՒԱԾ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ թրքահայ լուսանկարիչ Տայք Տանձիկ ընտրուած է İFSAK-ի (Իսթանպուլի լուսանկարի եւ շարժանկարի սիրողներու միութիւն) նախագահ։

İFSAK-ի 54-րդ համագումարը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի Հաշուապահներու եւ ելմտական խորհրդականներու սենեակի դահլիճին մէջ։ 1959 թուականին ստեղծուած այս կառոյցը Թուրքիոյ ամենահեղինակաւոր լուսանկարչութեան ու շարժանկարի կազմակերպութիւններու շարքին կը դասուի։ 54-րդ ընդհանուր ժողովի ժամանակ արժեւորուեցաւ 2019-2021 շրջանին տարուած աշխատանքը եւ ընտրուեցան այն մարմինները, որոնք 2021-2023 շրջանին İFSAK-ի ղեկը պիտի ստանձնեն։ Ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն համապատասխան։

Անցեալ շրջանի վարչութեան պաշտօնավարութեան ժամկէտին զուգադիպած էր İFSAK-ի հիմնադրութեան 60-ամեայ յոբելեանը։ Այդ վարչութեան կազմին մէջ փոխ-նախագահի պաշտօն կը զբաղեցնէր Տայք Տանձիկ, որ արդէն նորընտիր վարչութեան գլուխը կը գտնուի։

Տայք Տանձիկ 1972 թուականին ծնած է Իսթանպուլի մէջ։ Համակարգչային ծրագրաւորման եւ գործի կառավարման վրայ ուսում ստացած է։ Լուսանկարչութեամբ զբաղիլ սկսած է Կեդրոնական վարժարանի մէջ միջնակարգի տարիներուն։ 2013 թուականին անդամակցած է İFSAK-ին։ Ցայսօր տեղական կամ միջազգային բնոյթով բազմաթիւ մրցոյթներու մէջ արժանացած է մրցանակի։ İFSAK-ի կողմէ կազմակերպուած զանազան ծրագրերու պարագային ստանձնած է պատասխանատուութիւն։ Այդ ծրագրերու արդիւնքը ներկայացուած է զանազան ցուցահանդէսներու կամ ալպոմներու մէջ։ Տայք Տանձիկ համբաւ ձեռք բերած է՝ մանաւանդ նիւ լուսանկարներով։ 2016 թուականին խառն ցուցահանդէսի մը մասնակցած է Փարիզի մէջ։ Որպէս նիւ լուսանկարչութեան վարպետ՝ իր գործերը լոյս տեսած են համապատասխան հանդէսներու մէջ։ Օտար պարբերականներ տեղ տուած են Տայք Տանձիկի նկարահանումներուն։

Թրքահայ համայնքէն ներս կեանքի կոչուած զանազան գեղարուեստական ձեռնարկներու նկարահանումները այնքան յաջողութեամբ կատարուած են իր կողմէ։ Երեւանի մէջ հրատարակուած զանազան ալպոմներ ալ պատրաստուած են Տայք Տանձիկի լուսանկարներով՝ մասնաւորապէս Պալեան արքունի ճարտարապետներու ժառանգութեան վերաբերեալ։ İFSAK-է ներս վարչական եւ մասնագիտական բազմակողմանի գործունէութիւն ծաւալելու առընթեր, Տայք Տանձիկ հիմնած է «Opus Rea» լուսանկարչութեան խմբակը։ Զանազան պարբերաթերթերու մէջ եւ համացանցի վրայ գրութիւններ կը ստորագրէ լուսանկարչութեան եւ գեղարուեստի պատմութեան շուրջ։ Պէյքոզի համալսարանէն ներս կը դասախօսէ լուսանկարչութեան վրայ։

Այս հարուստ կենսագրութիւնով եւ բազմակողմանի գործունէութիւնով լուսանկարչական աշխարհէն ներս կ՚առանձնանայ Տայք Տանձիկ, որ յառաջիկայ շրջանին պիտի գլխաւորէ İFSAK-ի վարչութիւնը։ Ամուսնացած է, ունի զաւակ մը։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Տայք Տանձիկը եւ իրեն յաջողութիւն կը մաղթենք պատասխանատու այս նոր առաքելութեան մէջ։

Երեքշաբթի, Մարտ 30, 2021