ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան յայտարարեց, որ այս պահու դրութեամբ Թուրքիոյ հետ որեւէ բանակցութիւն տեղի չ՚ունենար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արա Այվազեան երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս մասնակցեցաւ Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նիստին։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ Երեւանի դիւանագիտական օրակարգի զանազան խնդիրներուն։ Այս ամբողջին մէջ ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեակ չէ Թուրքիոյ հետ խորհրդակցութիւններու կամ բանակցութիւններու որեւէ ձեւաչափէ։ Ան յիշեցուց, որ զանազան նախաձեռնութիւններով Երեւան փորձած է կարգաւորել Անգարայի հետ յարաբերութիւնները, սակայն փոխադարձութեան սկզբունքը երբեք չէ գործած։ «Որպէսզի մեր տարածքաշրջանէն ներս իսկապէս խաղաղութիւն ըլլայ, մենք կ՚ակնկալենք, որ Թուրքիա լուրջ, արմատական փոփոխութիւններու ենթարկէ Հայաստանի դէմ իր ակրեսիւ քաղաքականութիւնը եւ վերջ տայ թշնամական գործողութիւններուն։

Արցախի վերջին պատերազմին ժամանակ Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի մէջ ընկալուած է շատ խնդրայարոյց։ Այս բոլորով հանդերձ, վերջին օրերուն, Երեւանի իշխանական վերնախաւէն հնչեցին յայտարարութիւններ, որոնք տարբեր տպաւորութիւններ ստեղծեցին։ Մասնաւորապէս Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հանրային հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին ժամանակ երեք անգամ խուսափած էր ուղիղ պատասխանել այն հարցին, թէ արդեօք Թուրքիա Հայաստանի համար թշնամի՞ է, թէ ոչ։ «Եթէ մենք կ՚երթանք դէպի տարածքաշրջանի ապաշրջափակման, ապա մեր մօտեցումներուն մէջ որոշ շտկումներ ըլլան եւ մենք այդ ուղղութեամբ կ՚աշխատինք», ըսած էր Արմէն Գրիգորեան, որու արտայայտութիւնները այնպէս մեկնաբանուած էին, թէ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յառաջ կը տարուին որոշ շփումներ։

Այս բոլորէն վերջ Արա Այվազեանի երէկուան յայտարարութիւններով յայտնի դարձաւ, որ ընդհանուր իրավիճակին մէջ խորքային տարբերութիւն մը չկայ։ Իր խօսքով՝ Հայաստան շատ լաւ կը գիտակցի խաղաղութեան արժէքին եւ թշնամիներ չի փնտռեր։ «Եթէ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեակ չէ, ուրեմն Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններ գոյութիւն չունին», ըսաւ Արա Այվազեան։ Յանձնաժողովի նիստին մասնակցելու առընթեր, նախարարը խորհրդարանէն ներս զրուցեց նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Հակառակ լրագ-րողներու փափաքին, Արա Այվազեան չմեկնաբանեց Արմէն Գրիգորեանի յայտարարութիւնները եւ ըսաւ, որ հարցումները պէտք է ուղղել անոր։

Ի լրումն այս բոլորին, Արա Այվազեան յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը տարածքային վէճ մը չէր, այլ ցեղասպան ծրագիր մըն էր։ Միջազգային կառոյցները եւ օտար երկիրները Ատրպէյճանի ակրեսիւ մօտեցումներուն ականատես ըլլալով՝ հետզհետէ կը տեսնեն, որ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ չի կրնար ըլլալ։ Ստեղծուած առկայ իրավիճակին մէջ հայկական կողմի մօտեցումները հետամուտ են Արցախի կարգավիճակի որոշման եւ տարածքներու ապաբռնագրաւման։ Ըստ Արա Այվազեանի, պատերազմը ապացուցանած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու աշխատանքը ձախողած է։

Յանձնաժողովի նիստի ընթացքին Արա Այվազեան համամիտ չգտնուեցաւ այն մօտեցումին, թէ Հայաստանը եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը կախում ունին Ռուսաստանէն։ «Ռուսաստան կը շարունակէ մնալ մեր ռազմավարական դաշնակիցը եւ մենք իսկապէս կը գնահատենք այդ հանգամանքը։ Ի վերջոյ պատերազմը կասեցուեցաւ Ռուսաստանի ջանքերուն շնորհիւ։ Սա կրնայ ոմանց դիւր չգալ, բայց սա փաստ է։ Հակառակ պարագային մենք կ՚ունենայինք ամբողջովին այլ իրավիճակ մը», ընդգծեց նախարարը։

Երեքշաբթի, Մարտ 30, 2021