ՆԿԱՏԵԼԻ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ, երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու միջեւ Թուրքիոյ տանտիրութեամբ երէկ տեղի ունեցած բանակցութիւնները առիթ հանդիսացան, որ Վոսփորէն խաղաղութեան հովեր փչեն եւ լաւ լուրեր հասնին համայն աշխարհին։ Իսթանպուլի երէկուան բանակցութիւնները մագնիսացուցած էին միջազգային ընտանիքի ուշադրութիւնը։ Հանրապետութեան նախագահութեան Տոլմապահչէի գրասենեակի համալիրէն ներս օրուան տեւողութեան ընթացան բանակցութիւնները։ Նախագահ Էրտողան բացման փուլին երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն խօսք ուղղեց, իսկ բանակցութիւններու եզրափակիչ փուլին այս անգամ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու մէկտեղուեցաւ հիւր բանագնացներուն հետ։

Կը հաղորդուի, որ երէկուան բանակցութիւնները կարգ մը շօշափելի քայլերու առիթ հանդիսացած են։ Ռուսաստան որոշած է Քիեւի եւ շրջակայքին յարձակումներու թափը նուազեցնել։ Առաջին անգամ յոյս ծնած է, որպէսզի Ռուսաստանի նախագահ Փութին եւ Ուքրայնայի նախագահ Զելենսքի ունենան հանդիպում մը։

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկուան բանակցութիւններուն լոյսին տակ յայտնեց, որ Իսթանպուլի մէջ հնարաւոր դարձած է ապահովել՝ ցարդ արձանագրուածներուն բաղդատմամբ ամենաիմաստալից զարգացումները։ Իր խօսքով, կարգ մը նիւթերու շուրջ ընդհանուր համաձայնութիւն եւ փոխըմբռնում կար։ Յաջորդ քայլափոխին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները պիտի տեսակցին՝ փոխադարձ ըմբռնումներուն վերջին ձեւը տալու համար, իսկ աւելի վերջ հաւանական է նաեւ նախագահներու միջեւ տեսակցութիւն մը։

ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան հեռանկարէն հրաժարելու փոխարէն Ուքրայնա կը պահանջէ, որ միջազգային ազդու դերակատար ութ երկիր երաշխաւոր դառնայ իր անվտանգութեան համար։ Այդ ութ երկիրներու շարքին կը գտնուի նաեւ Թուրքիան։ Քաղաքական որոշ մեկնաբաններու կարծիքով, պատերազմական գործողութիւններու սկիզբէն ի վեր առաջին անգամ Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ ծագած է լուծման յոյս։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Թուրքիոյ՝ տագնապի յաղաթահարման ուղղութեամբ գործադրուած ջանքերուն համար։

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2022