ԽՐԱԽՈՒՍԵԼ ՁԵՌՆԵՐԷՑՆԵՐԸ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Աշխարհը ձեւաւորող կիներ» նախաձեռնութիւնը վերջերս վերսկսած է՝ համավարակի հետեւանքով երեք տարուան ակամայ ընդհատումէ մը վերջ։ Այս ծրագրին նպատակն է խրախուսել իգական սեռէ ձեռներէցները։

ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան ափերէն այս նախագիծին մասնակիցները համախմբուած են «Convene» համագումարներու համալիրի երդիքին տակ։ Աշխատանքային շուրջօրեայ օրակարգը հետամուտ էր սորվելու, գիտելիքի փոխանցման եւ ցանցային կապերու հաստատման։ Ծրագրին վրայ նախատեսուած էին երկու գլխաւոր բանախօսութիւն եւ քառակողմանի քննարկում, ինչպէս նաեւ մասնակիցներուն համար նախատեսուած երկու դասընթացք։

Սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամուհիներէն Արտա Յարութիւնեան։ Գլխաւոր բանախօսներն էին Ձեռներէցութեան կլոպալ դպրոցի համահիմնադիր Շելպի Սքարսպրու եւ լրագրող ու քաղաքական երգիծաբան Հակար Հաժժար Ճեմալի։

Քննարկումներու տեւողութեան շօշափուեցան կանանց իրաւունքներուն, առողջապահութեան, գիտութեան, փորձագիտութեան եւ այլ ոլորտներու ներգրաւման եւ կանանց տնտեսական ու ընկերային անկախութեան կարեւորութեան վերաբերեալ հարցեր։

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2023