ՀԻՆԳ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ ԱՆՑ ՎԵՐՅԻՇՈՒՄ

Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ յատկանշանակ ձեռնարկ մը։ Սա առաջին հայեացքով լուսանկարչական ցուցահանդէս մըն է, սակայն իր բնոյթով նաեւ հայկական մարմնամարզի պատմութեան տեսակէտէ կարեւոր է, որովհետեւ ներկայացուած տեսանիւթերը արխիւային մեծ արժէք կը ներկայացնեն։

Այսպէս, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Նկարիչներու միութեան երդիքին տակ բացուած ցուցահանդէսը կը բովանդակէ «Ֆոթօլուր» գործակալութեան արխիւէն շատ կարեւոր լուսանկար մը։ Ներկայ տարին կը զուգադիպի Երեւանի «Արարատ» ֆութպոլի ակումբի՝ 1973 թուականին, Խորհրդային Միութեան տարիներուն արձանագրած մեծ յաջողութիւններուն եւ նուաճած ախոյենութիւններուն 50-ամեակին։ Յոբելենական այս փուլին կազմակերպուած ցուցահանդէսը առիթ կը դառնայ մէկ կողմէ յիշողութիւն թարմացնելու, իսկ միւս կողմէ «Արարատ»ի առասպելով ներշնչուելու, անոր երախտաւորներուն նկատմամբ յարգանքը թարմացնելու տեսակէտէ։ «Ֆոթօլուր» գործակալութիւնը այս բոլորը ապահոված է՝ իր արխիւէն դուրս բերած բարձր որակով լուսանկարներով։ Ցուցահանդէսի ընթացքին ներկայացուած դրուագները վարպետօրէն իրենց ոսպնեակով որսած են երկու յայտնի լուսանկարիչներ՝ հոգելոյս Հերպերթ Պաղտասարեան եւ Մելիք Պաղտասարեան։ Հարկ է յիշեցնել, որ Հերպերթ Պաղտասարեան եղած է «Ֆոթօլուր» գործակալութեան հիմնադիրը, իսկ այսօր անոր գլուխը կը գտնուի կրտսեր եղբայրը՝ Մելիք Պաղտասարեան։ «Արարատ»ի նուաճումներու ժամանակ Հերպերթ եւ Մելիք Պաղտասարեան եղբայրները հնարաւորութիւն ունեցած են աշխատելու մարզադաշտի վրայ եւ այսօր իրենց որսած դրուագները արդէն բոլորովին այլ արժէքով, նշանակութեամբ եւ իմաստով դրուած են գեղարուեստասէրներու տրամադրութեան տակ։

Ցուցահանդէսը, որ Երեւանի սրտին վրայ բացուած է, կ՚արժանանայ հետաքրքիրներու մօտիկ ուշադրութեան։

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2023